Հարցազրոյց՝  Մաքսիմ Եւատեանի հետ

«Շարժման մէջ գտնուող մշակոյթի մը հայկական գանձերը. 1512-1828» 

ցուցահանդէսի բացման նախօրեակին, 

հարցազրոյց՝ ցուցահանդէսը համադրող, պատմաբան եւ հայագէտ 

Մաքսիմ Եւատեանի հետ

Մաքսիմ Եւա­տեան պատ­մա­բան է, հա­յագէտ, մաս­նա­գէտ՝ Հա­յաս­տա­նի քրիս­տո­նէաց­ման եւ Մե­տաք­սի ճամ­բու վրայ եր­թե­ւեկու­թեան։ Ան նաեւ նա­խագահն է «Sources d’Arménie» («Հա­յաս­տա­նի Ակունքներ») կա­ռոյ­ցին, որ ծանօթ է Հա­յաս­տա­նի եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի մա­սին իր հրա­տարա­կու­թիւննե­րով։

Ան մե­զի շնոր­հեց այս հար­ցազրոյ­ցը, այս ան­գամ որ­պէս հա­մադ­րո­ղը ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, որ պի­տի բա­ցուի յա­ռաջի­կայ Դեկ­տեմբեր 5-ին Մար­սի­լիոյ Նոթր-Տամ տը լա Կարտ տաճարի թան­գա­րանին մէջ, «Շարժման մէջ գտնուող մշա­կոյ­թի մը հայ­կա­կան գան­ձե­րը. 1512-1828», ներ­կա­յու­թեամբ կարդինալ Ավը­լինի եւ Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսի։

Screenshot

«ՆՅ» – Ներ­կայ պա­հուս, քա­ղաքա­կանա­պէս եւ մշա­կու­թա­յին առու­մով, Հա­յաս­տանն ու հա­յերը դժուար պա­հեր կ՚ապ­րին։ Ին­չո՞ւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին նուիրուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ճիշդ այս պա­հուն։

Մաք­սիմ Եւա­տեան – Ճգնա­ժամա­յին պա­հերուն լաւ է յի­շել այլ դժուար ժա­մանա­կաշրջան­ներ եւ մա՛­նա­ւանդ թէ որո՛նք եղան ան­ոնցմէ դուրս գա­լու մի­ջոց­նե­րը։ Աս­կէ զատ, երբ որո­շուե­ցաւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, Եկե­ղեցի-Պե­տու­թիւն յա­րաբե­րու­թիւննե­րը նուազ խնդրա­յարոյց էին, եւ ան­կասկած այդ է պատ­ճա­ռը, որ մե­զի թոյլ տուաւ ստա­նալ միաժա­մանակ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հին եւ թէ՛ Կա­թողի­կոսին յա­ռաջա­բան­նե­րը։

Բա­ցի ատ­կէ, ժա­մանա­կագ­րու­թիւ­նը, զոր որ­դեգրած ենք ցու­ցադրուած նմուշնե­րուն համաձայն, կը վկա­յէ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին հա­մար բա­ցար­ձա­կապէս էական գոր­ծընթա­ցի մը մա­սին, որ կը կա­յանայ հայ­կա­կան հա­սարա­կու­թեան ար­դիակա­նաց­ման մէջ։ Գա­ղափար­նե­րու, գի­տելիք­նե­րու եւ հմտու­թիւննե­րու ար­դիակա­նացում՝ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի յա­ջոր­դա­կան հարստա­ցումնե­րով։

Այսպէս, 1510-1512 թուական­նե­րը,– մեր ընտրած ժա­մանա­կաշրջա­նին սկիզ­բը,– կը յղեն ան­ցեալ՝ կի­լիկեան շրջա­ն (1198-1375), եւ սա ակներեւ է շատ մը առումներով։ Օրի­նակ, ցու­ցադրուած գոր­ծե­րէն շա­տերուն հրա­տարա­կիչ­նե­րը, ցոյց տա­լու հա­մար, թէ իրենք յե­նած են վստա­հելի փաս­տա­թուղթե­րու վրայ, կը յստա­կաց­նեն, թէ օգ­տա­գոր­ծած են Կի­լիկիոյ հայ­կա­կան թա­գաւո­րու­թեան շրջա­նի ձե­ռագրեր։

Մեր ժա­մանա­կաշրջա­նի աւար­տը կը հա­մապա­տաս­խա­նէ 1828 թուակա­նին ռու­սա­կան նա­հան­գի ստեղծման, որ կո­չուե­ցաւ «Հայ­կա­կան մարզ», Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հին վրայ, Արա­րատեան դաշ­տին մէջ։ Այդ ժա­մանակ, հայ­կա­կան հա­սարա­կու­թիւնը ամ­բողջ Մի­ջին Արե­ւել­քի ամե­նաար­դիական, ամե­նաազա­տագ­րուած հա­սարա­կու­թիւննե­րէն մէկն էր, ան իրա­կան հա­սանե­լիու­թիւն ու­նէր եւ­րո­պական յա­ռաջ­դի­մու­թիւննե­րուն՝ բնա­գաւառ­նե­րու մեծ մա­սին մէջ։ Կա­րեւոր է հասկնալ, որ այս ար­դիակա­նացու­մը եղած է շնորհիւ հայ­կա­կան վեր­նա­խաւե­րուն, որոնք ինքնու­րոյն կրցան եւ յա­ջողե­ցան տա­նիլ այս գոր­ծընթա­ցը, որ հայ­կա­կան հա­սարա­կու­թիւնը դար­ձուց յա­ռաջա­դէմ հա­սարա­կու­թիւն մը՝ բաղ­դա­տած ժա­մանա­կակից Մի­ջին Արե­ւել­քի միւս բո­լոր հա­սարա­կու­թիւննե­րուն։

Եւ այն փաս­տը, որ այս գոր­ծընթա­ցը տա­րուած է իր սե­փական վեր­նա­խաւե­րուն կող­մէ եւ ոչ թէ օտար տէ­րու­թիւննե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ, կրնայ այ­սօր մեկ­նա­բանուիլ քա­ղաքա­կան տե­սան­կիւնէ։

«ՆՅ» – Աւե­լի յստակ ըլ­լա­լու հա­մար, ո՞րն է այս ժա­մանա­կաշրջա­նի պատ­մա­կան իւ­րա­յատ­կութիւ­նը։

Մ. Ե. – Այս ժա­մանա­կաշրջա­նը վկան է զար­գա­ցման եր­կու միաժա­մանա­կեայ գոր­ծընթաց­նե­րու, որոնք հիմ­նա­կան են վտան­գուած հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի յա­րատեւ­ման տեսանկիւնէն, քա­նի որ 1375-ին Կի­լիկիոյ թա­գաւո­րու­թեան ան­կումէն ետք, հա­յերու վի­ճակը ամէն տեղ կը դառ­նայ ան­կա­յուն։ Բուն Կի­լիկիան կ՚աւե­րուի քրիս­տո­նեանե­րու հան­դէպ մեծ յար­ձա­կողա­կանու­թիւն ցուցաբերող Մամ­լուքնե­րուն եւ թու­րա­նական ցե­ղախումբե­րուն կող­մէ։ Իս­լա­մացու­մէն եւ Մոն­ղոլնե­րու ան­կումէն ետք, Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հը կ՚ենթարկուի ար­դէն տեղ­ւոյն վրայ հաս­տա­տուած թու­րա­նական ցե­ղախումբե­րու (յատ­կա­պէս Աք-Քո­յունլու­նե­րու կամ Քա­րա-Քո­յունլու­նե­րու) վայ­րա­գու­թիւննե­րուն. ապա՝ Լենկթի­մու­րեան­նե­րու, որոնք, գա­լով Կեդ­րո­նական Ասիայէն, յա­ռաջա­ցան մին­չեւ Հայ­կա­կան լեռ­նաշխարհ։ Լենկթի­մու­րեան­նե­րը, որոնք խստակ­րօն իս­լամներ էին, բա­ռացիօրէն կը ջար­դեն քրիս­տո­նեայ զան­գուած­ներ Կեդ­րո­նական Ասիոյ մէջ։ Լենկթի­մու­րեան նուաճ­ման պատ­ճա­ռով, ասո­րախօս եւ արա­մէախօս ամ­բողջ քրիս­տո­նէու­թիւնը, որ գո­յու­թիւն ու­նէր Կեդ­րո­նական Ասիոյ մէջ, գրե­թէ ան­հե­տացաւ ԺԴ. դա­րու երկրորդ կի­սուն, քա­նի մը հա­մաճա­րակ­նե­րու պատճառով հիւծելէ ետք։ Այս շրջա­նը մութ դար մըն է, մեծ խզում մը։ Եւ այս մո­խիր­նե­րուն վրայ, այն պա­հուն երբ Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հին վրայ կը տի­րէր այնպիսի՜ անիշ­խա­նու­թիւն եւ հայ ժո­ղովուրդը կրնար ան­հե­տանալ, որ օս­մանցի­ները կրցան իրենք զիրենք պար­տադրել 1515-ին այս մշտա­կան անիշ­խա­նու­թեան պա­րու­նա­կին մէջ։ Հե­տեւա­բար, մեր ընտրած ժա­մանա­կաշրջա­նին սկիզ­բը կան­խող տաս­նա­մեակ­նե­րը հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան ամե­նաող­բերգա­կան­նե­րէն են։

Մեր ընտրած ժա­մանա­կաշրջա­նին սկիզ­բը կը բնո­րոշուի մէկ կող­մէ կի­լիկեան դա­րաշրջա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան վեր­ջին տար­րե­րուն աւար­տով, քա­նի որ «Հա­յոց թա­գու­հի» տիտ­ղո­սը կրող վեր­ջին ան­ձը՝ Քաթ­երի­նա Քոր­նա­րօ (1472-1489), Կիպ­րո­սի տի­րու­հին հրա­ժարե­ցաւ, իր դիրքը զիջելով Վե­նետի­կի Ծե­րակոյտին։ Մին­չեւ իր կեան­քին վեր­ջը (1510), Վե­նետի­կի մէջ, ան իր շուրջ ու­նե­ցաւ մա­սամբ հա­յերէ բաղ­կա­ցած ար­քունիք մը։

Տա­րի մը ետք, 1511-1512-ին, լոյս կը տես­նէ առա­ջին գիր­քը՝ «Ուրբա­թագիրք»-ը, տպագ­րուած Վե­նետի­կի մէջ Յա­կոբ անու­նով վա­ճառա­կանի մը կող­մէ, եւ յա­ջորդ տա­րին՝ 1512-1513-ին, կը տպագ­րուի երկրորդ հա­տոր մը, որ­մէ էջ մը կը ներ­կա­յաց­նենք ցու­ցա­հան­դէ­սին։

Առա­ջին ցու­ցա­փեղ­կե­րուն մէջ, մենք կը ներ­կա­յաց­նենք Քաթ­երի­նա Քոր­նա­րոյէն ար­տա­կար­գօ­րէն լաւ պահ­պա­նուած կտոր մը, ուր յստակ կը կար­դա­ցուի Կիպ­րո­սի, Հա­յաս­տա­նի եւ Երու­սա­ղէմի թա­գու­հիի անոր տիտ­ղո­սը։ Եւ անոր քո­վ, այ­ցե­լուն կը յայտնա­բերէ հայ­կա­կան երկրորդ տպա­գիր գիր­քէն էջեր, որ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը կը մտցնէ նոր դա­րաշրջա­ն մը՝ տպագ­րութեան դա­րաշրջա­նը։ Տպագրական այս նո­րարա­րու­թիւնը պի­տի թոյ­լատրէ բազ­մա­պատ­կել օրի­նակ­նե­րը, նախ ծի­սական գիր­քե­րու, ընդառաջելով՝ եկե­ղեցի­ներու եւ վան­քե­րու հա­ւաքա­ծոնե­րը վե­րակազ­մե­լու փա­փա­քին, հա­ւաքա­ծոներ՝ որոնք ան­հե­տացած էին իս­լամնե­րու կող­մէ կա­տարուած կո­ղոպուտնե­րու եւ աւե­րածու­թիւննե­րու պատ­ճա­ռով։ Այսպէս, միայն Վե­նետի­կի մէջ, հա­յերը պի­տի հիմ­նեն ոչ նուազ քան վեց հրա­տարակ­չա­տու­ներ ԺԶ. եւ ԺԷ. դա­րերուն։

Մեր ընտրած ժա­մանա­կաշրջա­նին պի­տի հրա­տարա­կուին հա­զարա­ւոր գոր­ծեր։ Մենք կը ներ­կա­յաց­նենք որոշ թի­ւով բա­ցար­ձա­կապէս եզակի հրա­տարա­կու­թիւններ։ Հասկնա­լու հա­մար այս երե­ւոյ­թին կա­րեւո­րու­թիւնը, յի­շեց­նեմ, որ հա­յերէ­նը տաս­նե­րորդ լե­զուն է, որ տպագ­րուած է իր այ­բուբե­նով, եւ որ բո­լոր նա­խոր­դող լե­զու­նե­րը, բա­ցի սրբա­զան լե­զու­նե­րէն (լա­տինե­րէն, յու­նա­րէն եւ եբ­րա­յերէն), եւ­րո­պական աշ­խարհի մե­ծագոյն տէ­րու­թիւննե­րուն լե­զու­ներն են, այ­սինքն՝ գեր­մա­ներէ­նը, իտա­լերէ­նը, ֆրան­սե­րէնը, ֆլա­մանե­րէնը, սպա­ներէ­նը կամ անգլե­րէնը։ Եւ այդ ժա­մանա­կուան տի­րապե­տող լե­զու­նե­րուն միջեւ կը գտնենք ոչ-տի­պիկ լե­զու մը, հրա­տարա­կուած իր սե­փական խօ­սող­նե­րուն կող­մէ՝ հա­յերէ­նը։

Ու­րեմն իս­կա­պէս հե­տաքրքրա­կան է ցու­ցադրել կա­րենալ այդ ժա­մանա­կաշրջա­նի քա­նի մը մեծ հրա­տարա­կու­թիւններ, ինչպէս ամ­բողջա­կան Աս­տուածա­շունչի առա­ջին հրա­տարա­կու­թիւնը՝ տպագ­րուած Ամսթեր­տա­մի մէջ Ոս­կան Երե­ւան­ցիի կող­մէ, 1666 թուակա­նին, ինչպէս նաեւ Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի շատ գե­ղեցիկ հրա­տարա­կու­թիւնը (1733)։ Պի­տի ցու­ցա­դրուի նաեւ անոր մեծ բա­ռարա­նը (1749), մե­ծագոյն գործ մը, քա­նի որ ան կը կազ­մէ ար­դի լե­զուի մը առա­ջին բա­ցատ­րա­կան (raisonné) ժո­ղովա­ծու­նե­րէն մէ­կը։ Մխի­թար եւ իր աշա­կերտնե­րը գլուխ հա­նեցին այս հսկա­յական գոր­ծը քա­նի մը տա­րուան մէջ, մինչդեռ օրի­նակ, ֆրան­սե­րէնին հա­մար, Ֆրան­սա­կան Ակա­դեմիան ստի­պուած եղաւ աշ­խա­տիլ մօտ 60 տա­րի՝ հա­մեմա­տելի ար­դիւնքի հաս­նե­լու հա­մար։ Հայ լե­զուի բա­ցատ­րա­կան ժո­ղովա­ծուն, ըլ­լա­լով նաեւ հրա­տարա­կուած՝ գեր­մա­ներէ­նէն (1755) կամ անգլե­րէնէն (1774) առաջ, կրնանք հաս­տա­տել, որ պատ­կա­ռելի գործ մըն է։

Մենք կը ցու­ցադրենք նաեւ Դա­ւիթի Սաղ­մոսնե­րու հրա­տարա­կու­թիւնը (1686)՝ տպագ­րուած Նա­հապետ Ագու­լե­ցիի կող­մէ, ուր իւ­րա­քան­չիւր էջի վրայ, մէկ կող­մը սաղ­մոսներն են գրա­բարով՝ դա­սական հա­յերէ­նով, եւ միւս կող­մը՝ մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը ժո­ղովրդական լե­զուով՝ արեւմտա­հայե­րէն աշ­խարհա­բարով։ Այս գոր­ծը ու­րեմն յատ­կանշա­կան է որ­պէս մտա­ւորա­կան խզման կէտ հա­յերուն հա­մար, որով­հե­տեւ գրել լե­զուով մը, որ դա­սական, սրբա­զան լե­զուն չէր, այն ատեն անե­րեւա­կայե­լի էր։ Բազ­մա­թիւ այլ կա­րեւոր հրա­տարա­կու­թիւններ նոյնպէս պի­տի ցու­ցադրուին։ Ու­րեմն այս ժա­մանա­կաշրջա­նի առա­ջին մեծ շար­ժումը հրա­տարակ­չութիւնն է։ Հա­յերը լայ­նօ­րէն եւ խո­րապէս պի­տի իւ­րացնեն այս հո­յակապ նո­րարա­րու­թիւնը։

Երկրորդ մեծ շար­ժումը կա­պուած է Ջու­ղա­յի եւ Սե­ֆեան Կայսրու­թեան արեւմտեան մա­սի հա­յերու բռնա­գաղ­թին՝ Շահ Աբ­բաս Ա.-ի կող­մէ, 1603-1604-ի ձմռան։ 300 000 հո­գիին,– որոնք ստի­պուած եղան լքել իրենց օճախ­նե­րը երեք օրուան մէջ 1603 Նո­յեմ­բե­րին,– մէկ եր­րորդը մե­ռաւ ճամ­բան, միւսնե­րուն մէկ մա­սը ու­նե­ցաւ ար­տա­կարգ ճա­կատա­գիր։ Բա­ւական կա­րեւոր խումբ մը հաս­տա­տուեցաւ Սպա­հան ու հոն հիմ­նեց հայ­կա­կան արուար­ձան մը՝ Նոր Ջու­ղան, ի յի­շատակ հին Ջու­ղա­յին, որ կը գտնուէր Արաք­սի ափե­րուն՝ Նա­խիջե­ւանի մէջ։ Այս վա­ճառա­կան­նե­րը, որոնք ար­դէն հռչա­կաւոր էին Արե­ւել­քի մէջ հին Ջու­ղա­յի ժա­մանակ, պի­տի ստա­նան Սե­ֆեան Իրա­նի հում մե­տաք­սի վա­ճառ­քի մե­նաշ­նորհը եւ ստեղ­ծեն մեծ առեւ­տուրի մի­ջազ­գա­յին ցանց մը, այ­սինքն՝ կա­րաւան­ներ Իրա­նէն հա­կեր (balles — խոշոր ծրարներ) պի­տի փո­խադ­րեն դէ­պի Վե­նետիկ, Լի­վոռ­նօ, Մար­սի­լիա, ապա դէ­պի Ռու­սաստան։ Այս վա­ճառա­կան­նե­րը ար­տա­կարգ դեր պի­տի խա­ղան իրենց պատ­կա­ռելի մի­ջոց­նե­րուն շնորհիւ։ Իրենց սկզբնա­կան առեւ­տուրին վրայ պի­տի աւելցնեն ադա­մանդներ եւ այլ թան­կարժէք քա­րեր, բուստ (corail), ապա՝ չի­նական մե­տաքս եւ սուրճ։ Որոշ ըն­տա­նիք­ներ, ԺԷ. եւ ԺԸ. դա­րերու ամ­բողջ տե­ւողու­թեան, յա­մենայն դէպս առնուազն  մին­չեւ ԺԸ. դա­րու առա­ջին կէ­սը, պի­տի կազ­մեն վա­ճառա­կանա­կան հո­յակապ ցանց մը, քա­նի որ այս ըն­տա­նիք­նե­րուն մէկ մասը պի­տի դի­զէ ԺԷ. դարու ամենապատկառելի դրա­մական հարստու­թիւնները, այ­սինքն՝ կան­խիկ դրամ։

Այս հարստու­թիւննե­րուն մէկ մա­սը պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի աջակ­ցե­լու հո­գեւո­րական­նե­րուն եւ գանձատրե­լու այն հրա­տարա­կու­թիւննե­րը, որոնց մա­սին խօ­սեցայ։ Նկատելի է տե­սակ մը սրբա­զան միու­թիւն. եր­բեմն նոյն ըն­տա­նիք­ին ծոցը՝ մէկ եղ­բայրը վա­ճառա­կան է եւ միւ­սը՝ հո­գեւո­րական, եր­բեմն նոյ­նիսկ եպիս­կո­պոս. օրի­նակ՝ Վա­նան­դե­ցինե­րու պա­րագան Ամսթեր­տա­մի մէջ։ Անոնք միասին պի­տի աշ­խա­տին՝ հիմ­նե­լու հրա­տարակ­չա­տուն մը եւ տպագ­րե­լու միաժա­մանակ թէ՛ սրբա­զան եւ թէ աշ­խարհիկ գոր­ծեր՝ գրա­կանու­թիւն կամ գի­տելիք­ներ։ Այսպէս, Մով­սէս Խո­րենա­ցիի «Հա­յոց Պատ­մութիւն»-ը կը տպագ­րուի 1695-էն իսկ, եւ ցու­ցա­հան­դէ­սը թոյլ պի­տի տայ տես­նե­լ այս գոր­ծին առա­ջին (լա­տինե­րէն) թարգմա­նու­թիւնը Լոն­տո­նի մէջ 1736-ին։ Այս հրա­տարա­կու­թիւնը հայ գրա­կանու­թեան այս մե­ծագոյն գոր­ծը պի­տի մտցնէ եւ­րո­պական մտա­ւորա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ապա, պի­տի հրա­տարա­կուին ամէն տե­սակ գոր­ծեր՝ ծա­ւալուն մե­նագ­րութիւննե­րէ մին­չեւ գրքոյկներ եւ նոյ­նիսկ քարտէսներ բո­լոր նիւ­թե­րու առնչուող, նե­րառեալ գի­տական։ Օրի­նակ, չորս ցա­մաքա­մասե­րու քարտէսնե­րը՝ փո­րագ­րուած Մխի­թարեան հայր Եղիա Էն­տա­զեանի կող­մէ։ Անոնք կը վկա­յեն հայ­կա­կան քարտէսագ­րութեան տպա­ւորիչ ար­դիակա­նաց­ման մա­սին։ Ար­դա­րեւ, քա­նի մը տաս­նա­մեակի ընթացքին՝ «TO» ձե­ւով միջ­նա­դարեան քարտէսնե­րէն,– որոնք կլոր են, բաժ­նուած երեք ցա­մաքա­մասե­րու եւ կեդ­րո­նը Երու­սա­ղէմով,– կ՚անցնինք այն ատեն ծա­նօթ չորս ցա­մաքա­մասե­րով քարտէսներու, ըստ Մեր­քա­թորի արտապատկերումին  (projection) եւ օգ­տա­գոր­ծե­լով հո­լան­տա­կան քարտէսագ­րութեան ամե­նաար­դական գի­տելիք­նե­րը։

Կը կարծեմ, թէ չորս քարտէսնե­րու ամ­բողջա­կան հա­ւաքա­ծոն պի­տի ցու­ցադրուի առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով։ Մենք զա­նոնք վե­րար­տադրել տուինք 2 մեթ­րէն աւե­լի եր­կա­րու­թեամբ պաս­տառնե­րու վրայ, որ­պէսզի այ­ցե­լու­նե­րը կա­րենան զննել ման­րա­մաս­նութիւ­նները եւ հաս­տա­տել անոնց նրբու­թիւնն ու ճշգրտու­թիւնը, որոնք տպա­ւորիչ են։

«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս բա­ցատ­րել, որ այս մշա­կու­թա­յին ծաղ­կումը, այս հա­րուստ մշա­կոյ­թը կրցաւ զար­գա­նալ բա­ւական եր­կար ժա­մանա­կաշրջա­նի մը վրայ՝ երեք դարու, առանց թա­գաւո­րու­թեան մը կամ որե­ւէ այլ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեան աջակ­ցութեան։

Մ. Ե. – Այս երե­ւոյ­թը մե­ծ մա­սամբ պար­տա­կան ենք Եկե­ղեց­ւոյ։ Յի­շեց­նենք, որ Մեծ Հայ­քի քա­ղաքա­ցիական եւ զի­նուո­րական վեր­նա­խաւե­րը ջար­դուեցան կամ ստի­պուե­ցան աք­սո­րուիլ, եւ որ նոյն գոր­ծընթա­ցը կրկնուեցաւ Կի­լիկիոյ հայ­կա­կան թա­գաւո­րու­թեան ան­կումին, ինչպէս ցոյց կու տայ վեր­ջին թա­գաւո­րին՝ Լե­ւոն Ե. Լու­սի­նեանի բան­տարկու­թիւնն ու ապա փա­խուստը։ Զրկուած քա­ղաքա­ցիական ղե­կավար­նե­րէ՝ հայ ժո­ղովուրդը օս­մանցի­ներուն կող­մէ վե­րածուեցաւ կրօ­նական հա­մայնքի։ Ուստի Եկե­ղեցին վճռո­րոշ դեր խա­ղաց այս ամ­բողջ ժա­մանա­կաշրջա­նին, եւ այդ պատ­ճա­ռով է, որ ցու­ցա­հան­դէ­սին երեք բա­ժին­նե­րը կը վկա­յեն մեծ հո­գեւո­րական­նե­րու, յատ­կա­պէս Կոս­տանդնու­պոլսոյ պատ­րիարքնե­րու եւ կա­թողի­կոս­նե­րու՝ բո­լոր հա­յերը Եկե­ղեց­ւոյ շուրջ միաւո­րելու ջան­քե­րուն մա­սին, որ­պէսզի անոնք խու­սա­փին կրօնափոխութենէ, յատ­կա­պէս իս­լամ դառնալէ,– եւ սա՝ որ­քան ալ հե­ռու ապ­րէին անոնք (Ռու­սաստան, Հնդկաս­տան, Չի­նաս­տան, Ֆրան­սա կամ Իտա­լիա)։

Հայ­րա­պետա­կան կոն­դակնե­րը եւ հրա­տարա­կու­թիւննե­րը կը վկայեն հո­գեւո­րական­նե­րու այդ կամ­քին մա­սին։

Այսպէս, նոյ­նիսկ Պե­տու­թեան բա­ցակա­յու­թեան, հայ լե­զուի եւ ինքնու­թեան պահ­պա­նու­մը կա­րելի եղաւ։ Սրբա­զան միու­թիւնը՝ ար­տա­կարգ հո­գեւո­րական­նե­րու եւ հե­ռատես հա­րուստ վա­ճառա­կան­նե­րու մի­ջեւ, թոյլ տուաւ այս մշա­կոյ­թին վե­րապ­րիլ, զար­գա­նալ եւ ար­դիակա­նանալ։

«ՆՅ» – Եթէ այս վա­ճառա­կան­նե­րը ու­նէին «տես­լա­կան» մը, ինչպէս կ՚ըսէք, կրնա՞նք պնդել, որ նիւթապէս բարեկեցիկ խաւը ի վեր­ջոյ կ՚աջակ­ցի այս թա­փին եւ կը փո­խարի­նէ քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թիւնը։

Մ. Ե. – Բո­լոր վա­ճառա­կան­նե­րը բա­ցառիկ մար­դիկ չէին։ Ոմանք գոհացան իրենց գոր­ծե­րով զբա­ղելով, բայց ու­րիշներ խա­ղացին իս­կա­պէս քա­ղաքա­կան դեր։ Պար­զա­պէս եր­կու օրի­նակ. Նոր Ջու­ղա­յի վա­ճառա­կան­ներ 1667-ին բա­նակ­ցե­ցան Ռու­սաստա­նի ցա­րին հետ առեւտրա­յին հա­մաձայ­նա­գրի մը շուրջ։ Այսպէս, հայ վա­ճառա­կան­նե­րով բնա­կուած փոք­րիկ գիւղ մը կրնար, իր սե­փական անու­նով, բա­նակ­ցիլ առեւտրա­յին հա­մաձայ­նա­գրի մը շուրջ, որ գրե­թէ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի հա­մաձայ­նա­գիր մըն է ԺԷ. դա­րու եւ­րո­պական մե­ծագոյն տէ­րու­թիւննե­րէն մէ­կուն՝ Ռու­սա­կան Կայսրու­թեան հետ։

Ու­րիշ մը, Խո­ճա Փա­նոս, 1688-ին բա­նակ­ցե­ցաւ Հնդկաս­տա­նի անգ­լիական ըն­կե­րու­թեան հետ հա­մաձայ­նա­գրի մը շուրջ, ար­տա­ծումնե­րու եւ առեւ­տուրի կա­ռավար­ման մա­սին՝ Հնդկաս­տա­նի շարք մը քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Մէկ կող­մը՝ հայ վա­ճառա­կանը, որ կ՚ըսէր թէ կը ներ­կա­յաց­նէր հայ ազ­գը, միւս կող­մը՝ Հնդկաս­տա­նի բրի­տանա­կան ըն­կե­րու­թիւնը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր անգլիական պե­տու­թիւնը։

Ու­րեմն այս վա­ճառա­կան­նե­րը շատ կա­րեւոր դեր խա­ղացին եւ անոնցմէ ոմանք շատ զար­գա­ցած էին իրենց ժա­մանա­կին հա­մար. յի­շեց­նեմ, որ անոնցմէ մէ­կը՝ Շա­համիր Շա­համի­րեան դա­րավեր­ջին, նոյ­նիսկ նախ­քան Ֆրան­սա­կան Յե­ղափո­խու­թեան ծայր առնելը, պի­տի յղա­նայ սահ­մա­նադ­րութեան նա­խագիծ մը Հա­յաս­տա­նի ապա­գայ հան­րա­պետու­թեան հա­մար։ Այս վա­ճառա­կանն ու իր որ­դին մաս կազ­մե­ցին սահ­մա­նադ­րութիւննե­րու յղաց­ման շար­ժումին ԺԸ. դա­րու երկրորդ կի­սուն՝ Արեւ­մուտքի մէջ։ Անոնք Հայկական պե­տու­թեան մը հա­մար,– որ պի­տի ըլ­լար խորհրդա­րանա­կան հան­րա­պետու­թիւն,– մտա­ծեցին քա­ղաքա­կան հա­մակարգ մը, որ այ­լեւս միջ­նա­դարեան թա­գաւո­րու­թիւնը չէր եւ կը ներշնչուէր ԺԸ. դա­րու մտա­ւորա­կան զար­գա­ցու­մէն։ Այս սահ­մա­նադ­րութեան բնա­գիրը հրա­տարա­կուե­ցաւ Մատ­րա­սի մէջ 1780-ական թուական­նե­րուն։

Ար­դիակա­նաց­ման այս շար­ժումին մէկ ուրիշ դրսե­ւորու­մը, միշտ Մատ­րա­սի մէջ, քա­նի մը տա­րի ետք, պի­տի ըլ­լայ առա­ջին հայ­կա­կան պար­բե­րակա­նին՝ «Ազ­դա­րար»-ի հրա­տարա­կու­թիւնը, որ 18 հա­մար­նե­րով պի­տի փոխակերպէ բնոյ­թը գրուած­քին, որ այնքան կա­րեւոր է հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին մէջ։ Ար­դա­րեւ, Միջ­նա­դարու սկիզ­բէն ի վեր, գիր­քը, ձե­ռագի­րը թան­կարժէք է, սրբա­զան։ Ան պէտք է ներ­կայ ըլ­լայ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկրորդ գա­լստեան պա­հուն, մինչ այսպէսով կը վե­րածուէր ժամանցելի բա­նի մը, որ կու տար առօ­րեայ եւ շատ գործնա­կան լու­րեր։ «Ազ­դա­րար»-ի մէջ կան նա­ւերու ժա­ման­ման օրե­րը, համաշ­խարհային լու­րեր եւ պար­զա­պէս լու­րեր հայ­կա­կան փո­ղոցէն, ուր կը գտնուէին եկե­ղեցին եւ տպա­րանը՝ Մատ­րա­սի մէջ։ Ու­րեմն իս­կա­պէս կը գտնուինք գրուած­քի կար­գա­վիճա­կի բո­լորո­վին տար­բեր տես­լա­կանի մը մէջ, որ կ՚աւե­տէ նոր գրա­կան ժան­րեր՝ ինչպէս վէ­պը։

Վեր­ջին օրի­նակ մը. դէ­պի խօ­սակ­ցա­կան հա­յերէն զար­գա­ցու­մը կը գտնուի ԺԷ. դա­րու վեր­ջէն իսկ՝ Սաղ­մոսնե­րու սրբա­զան բնագ­րին լու­սանցքի մեկ­նա­բանու­թիւննե­րուն մէջ, որոնք դա­սական հա­յերէ­նով չեն, այլ բո­լորին հա­սանե­լի լե­զուով. ան­կասկած կար իս­կա­կան խախ­տում մը Նա­հապետ Ագու­լե­ցիի եւ Յով­հաննէս Կոս­տանդնու­պոլսե­ցիի նա­խաձեռ­նութեան մէջ, կամ ալ՝ կա­րիքի մը պա­տաս­խա­նելու կամ­քը։

«ՆՅ» – Մեծ կայսրու­թիւննե­րու մի­ջեւ մրցակ­ցութիւ­նն ալ նպաստա՞ծ է այս մշա­կու­թա­յին ծաղ­կումին։

Մ. Ե. – Մշտա­կան պա­տերազմնե­րը Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հին մէջ եղան իս­կա­կան խնդիր մը, եւ որով­հե­տեւ շրջա­նին կը տի­րապե­տէին պե­տու­թիւննե­ր,– յատ­կա­պէս Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւնը,– որոնք չէին ու­զեր մշա­կու­թա­պէս զար­գա­նալ, կամ թոյլ տալ որ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը զար­գա­նան, հարկ եղաւ հե­ռանալ, նախ դէպի քա­ղաք­նե­ր, եւ­րո­պական կամ հնդկա­կան նա­ւահան­գիստնե­ր, ապա Կոս­տանդնու­պո­լիս. միակ մի­ջոցն էր՝ զար­գացնե­լու տպա­րան­ներ, դպրոց­ներ եւ բարձր մա­կար­դա­կի մտա­ւորա­կան մի­ջավայր։ Միայն ԺԸ. դա­րու սկիզ­բէն է, որ օս­մանցի­ները հան­դուրժե­ցին հայ­կա­կան հրա­տարա­կու­թիւննե­րը, հա­ւանա­բար որով­հե­տեւ, իրենց աչ­քին, անոնք կը սնու­ցա­նէին թշնա­մու­թիւնը կա­թոլիկ քա­րոզ­չութիւննե­րուն (մի­սիոն­նե­րուն) եւ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ։ Նոյ­նը եղաւ Պարսկա­կան Կայսրու­թեան Սե­ֆեան­նե­րուն պա­րագա­յին։ Անոնք եղան ամե­նահան­դուրժող­նե­րը, բայց անոնց անկումէն (1736) ան­մի­ջապէս ետք, Նա­տիր Շահ, ապա Ղա­ճար­նե­րը բազ­մա­պատ­կե­ցին հա­լածանքնե­րը քրիս­տո­նեանե­րուն դէմ այն աս­տի­ճան, որ անոնք երկրորդ ան­գամ աք­սո­րուե­ցան դէ­պի Հնդկաս­տա­նի մեծ քա­ղաք­նե­րը, յատ­կա­պէս Պոմ­պէյ, Մատ­րաս (այ­սօր Չեն­նայ) եւ Կալ­կա­թա։

«ՆՅ» – Դուք դի­մեցիք մաս­նա­ւոր հա­ւաքորդնե­րու՝ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։ Բախ­տա­ւորու­թիւն մը չէ՞ գտնել այս մշա­կու­թա­յին հարստու­թիւնը Սփիւռքի մէջ։ Ու­նի՞ք բա­ւարար գե­ղարուես­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին առար­կա­ներ՝ լու­սա­բանե­լու հա­մար այս շրջա­նի ամ­բողջ հարստու­թիւնը։

Մ. Ե. – Մաս­նա­ւոր հա­ւաքա­ծոնե­րու դի­մելը կը բա­ցատ­րուի անով, որ Նոթր-Տամ տը լա Կար­տի թան­գա­րանը՝ Ֆրան­սա­յի հա­րաւի ամե­նակա­րեւորն է, տա­րեկան 2-էն 3 մի­լիոն այ­ցե­լու­նե­րով, մաս­նա­ւոր թան­գա­րան է, որ կա­խում ու­նի Մար­սի­լիոյ թե­մէն։ Ուստի դժուար էր մաս­նա­ւոր թան­գա­րան մը բե­րել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կամ ֆրան­սա­կան ու օտար թան­գա­րան­նե­րու հան­րա­յին հա­ւաքա­ծոնե­րը։ Եր­կու կրքոտ հա­ւաքորդնե­րու՝ Ռոյ Առա­քելեանի եւ Վա­հէ Կապ­րա­շի հա­ւաքա­ծոնե­րու կողքին,– որոնք մօ­տիկ բա­րեկամ­ներ են եւ որոնցմէ մէկը հայ­կա­կան արուես­տի առար­կա­ներ կը հաւաքէ աւե­լի քան 40 տա­րիէ ի վեր,– մենք ալ ու­նէինք նմուշներ, որոնք կրնային լոյ­սին բե­րել այս ժա­մանա­կաշրջա­նի մեծ զար­գա­ցումնե­րը։ Պի­տի գտնէք նաեւ որոշ թի­ւով նմուշներ՝ փոխ տրուած այլ մաս­նա­ւոր հա­ւաքորդնե­րու կող­մէ, բայց ցուցահանդէսին ող­նա­յարը կը հանդիսանան վերոնշեալ եր­կու հա­ւաքա­ծոնե­րը, որոնք Սփիւռքի ամե­նակա­րեւոր­նե­րէն են։ Բնականաբար, եղան որոշ նիւթեր, զորս չկրցանք զար­գա­ցնել։ Օրի­նակ, մենք չու­նինք ԺԷ. կամ ԺԸ. դա­րու խաչ­քա­րեր մաս­նա­ւոր հա­ւաքա­ծոյի մէջ։ Գործնա­կանա­պէս գո­յու­թիւն չու­նին նաեւ ԺԶ. կամ ԺԸ. դա­րերու գոր­գեր մաս­նա­ւոր հա­ւաքա­ծոյի մէջ։ Ուստի մենք ստի­պուե­ցանք հրա­ժարելու որոշ երե­սակ­նե­րէ, որոնք լաւ ծա­նօթ են եւ առա­տօրէն շօ­շափուած են այլ ցու­ցա­հան­դէսնե­րու, ինչպէս նաեւ հա­մալ­սա­րանա­կան գրա­կանու­թեան մէջ վեր­ջին տա­րինե­րուն։ Մենք, ընդհա­կառա­կն, նա­խընտրե­ցինք ծանրանալ նմուշներու եւ նիւթերու վրայ, որոնք քիչ շօ­շափուած են։ Մենք կը ցու­ցադրենք օրի­նակ Օպիւ­սո­նի (Aubusson) ԺԷ. դա­րու գորգ մը հայ­կա­կան թե­մայով. Ար­տա­ւազդ Բ. թա­գաւո­րը՝ ներ­կա­յացուած Մար­կոս Ան­տո­նիոս զօ­րավա­րին կող­մէ Եգիպ­տո­սի թա­գու­հի Կղէոպատրա­յին։ Պի­տի ներ­կա­յացուին նաեւ օփե­րայի գրքոյկներ, որոնք ցոյց կու տան Հա­յաս­տա­նի տե­ղը պա­րոք օփե­րայի կամ թատ­րո­նի մէջ՝ ար­դի ժա­մանա­կաշրջա­նին։ Այս նիւ­թե­րը դժբախ­տա­բար ցայ­սօր անտեսուած կը մնային այդ ժա­մանա­կաշրջա­նի հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ու­սումնա­սիրու­թեան մէջ։

Screenshot

Աս­կէ զատ, վայ­րը շատ յար­մար է, քա­նի որ թան­գա­րանը կա­ռու­ցուած ըլ­լա­լով թա­գաւո­րական շրջա­նի բեր­դի մը կից, ու­նի պատ­կա­ռելի չա­փի ցու­ցա­փեղ­կեր։ Ամե­նամեծ ցու­ցա­փեղ­կը 19 մեթր եր­կա­րու­թիւն ու­նի եւ թոյլ կու տայ ցու­ցադրել որոշ թի­ւով ոչ-տի­պիկ առար­կա­ներ, ինչպէս խո­րանի վա­րագոյր մը, որ 4 մեթր եր­կա­րու­թիւն եւ 2,5 մեթր բարձրու­թիւն ու­նի, ինչպէս նաեւ Օպիւ­սո­նի գորգը, որ 4,5 մեթր եր­կա­րու­թիւն եւ գրե­թէ 3 մեթր բարձրու­թիւն ու­նի։ Մենք պի­տի կարենանք նաեւ ցու­ցադրել քա­նի մը հմայիլներ՝ հայ­կա­կան թա­լիս­մաններ, իրենց ամ­բողջ եր­կա­րու­թեամբ, որոնցմէ մէ­կը 12 մեթ­րէն աւե­լի է… Որքան որ գի­տեմ, ցայսօր, այս տի­պի առար­կա­ներէ միայն հատուածներ կրնա­յին ներ­կա­յացուիլ չա­փորո­շուած (standardisé) ցու­ցա­փեղ­կե­րու մէջ։ Հա­րիւ­րէ աւե­լի գոր­ծեր կը ցու­ցադրուին, չեմ կրնար անդրադառնալ բոլորին, բայց քա­նի մը հա­տը բո­լորո­վին բա­ցառիկ են, ինչպէս մա­սունքա­րան­ներ, դրամ­ներ եւ մե­տալ­ներ, ինչպէս նաեւ տաս­նեակ մը ձե­ռագրեր, որոնցմէ եր­կու­քը՝ չքնաղ աւե­տարան­ներ։ Պէտք է նաեւ ընդգծել, որ հիմ­նա­կանին մէջ, առար­կա­ները առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի ներ­կա­յացուին հան­րութեան։

«ՆՅ» – Ու­րեմն վայ­րին ընտ­րու­թիւնը ինքնա­բերա­բար պար­տադրուեցաւ Մար­սի­լիոյ մէջ, վայր մը՝ բա­ւական մեծ, հիւ­րընկա­լելու հա­մար այս բո­լոր տար­րե­րը, զորս թուեցիք։

Մ. Ե. – Որ­քան ալ ու­րա­խալի ըլ­լայ թան­գա­րանի ընտրու­թիւնը, ան սկիզբը կա­տարուեցաւ գրե­թէ պա­տահա­բար. ես հան­դի­պած էի Ժան-Մի­շէլ Սան­չէ­զին 2021-ին, Հռո­մի մէջ, գի­տաժո­ղովի մը առ­թիւ, որուն հա­մակազ­մա­կեր­պիչն էի։ Երբ ան ին­ծի իմա­ցուց Պա­զիլի­քի թան­գա­րանին վա­րիչ նշա­նակուիլը, ես իրեն առա­ջար­կե­ցի հայ­կա­կան թե­մայով ցու­ցա­հան­դէս մը, որ ի վեր­ջոյ իրա­կանա­ցաւ։ Բա­ցի ատ­կէ, Կարդինալ Ավը­լին ան­ցեալ տա­րի այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Իր այցը եւ Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսին կող­մէ ըն­դունե­լու­թիւնը զինք շատ դրա­կանօ­րէն տպա­ւորած ըլ­լա­լով, ան փա­փաքե­ցաւ քա­ջալե­րել ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ ծրագ­րել զայն 2025-էն իսկ, որ­պէսզի անոր բա­ցու­մը մտնէ այս յո­բելինական տա­րուան ծի­րէն ներս։ Ու­րեմն ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի բա­ցուի Դեկ­տեմբեր 5-ին եւ մե­զի թոյլ պի­տի տայ ցու­ցադրե­լ 114 կտոր­ներ, գրե­թէ բո­լորը առաջին անգամ ըլլալով։ Իրա­դար­ձութիւ­նը մեզ մղեց պատ­րաստե­լու յատ­կա­պէս ծա­ւալուն գաթալոկ մը՝ աւե­լի քան 460 էջ­նոց, որուն մէջ պի­տի գտնուին բոլոր ձե­ռագրե­րու յի­շատա­կարան­նե­րու վեր­ծա­նումն ու թարգմա­նու­թիւնը, առար­կա­ներուն վրայ նշուած բո­լոր ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու վե­րար­տադրու­թիւնը եւ այլն։ Այս աշ­խա­տու­թիւնը գե­ղեցիկ գիրք մըն է եւ կրնամ վստա­հեց­նել, որ ան նաեւ օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ հե­տազօ­տող­նե­րուն հա­մար՝ իր պարունակած  անտիպ փաս­տա­թուղթե­րուն եւ ծա­նօթագ­րութիւննե­րուն պատ­ճա­ռով։

«ՆՅ» – Շնոր­հա­կալու­թիւն Մաք­սիմ Եւա­տեան այս հար­ցազրոյ­ցին եւ պատ­մա­կան այս լու­սա­բանումնե­րուն հա­մար՝ կա­պուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սին հետ, որ կը սկսի Դեկ­տեմբեր 5-ին։

Մ. Ե. – Շնոր­հա­կալու­թիւն։

Հար­ցազրոյ­ցը վա­րեց՝ 

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈ­ԼԱՔԵԱՆ ■

Հարցազրոյցին տեսանիւթը (ֆրանսերէն)՝ հետեւեալ կապով.-

https://youtube.be/VPp0kQyRMRE

Գործնա­կան տե­ղեկու­թիւններ.- 

Musée de la Basilique Notre-Dame de la Garde, Rue Fort du sanctuaire, 13006, Marseille. Բաց է ամէն օր՝ ժա­մը 9-էն 17։ Մուտքի գին՝ 3 եւ­րօ – անվճար՝ 12 տա­րեկա­նէն վար փոք­րե­րուն հա­մար։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի գաթալոկը.- Trésors arméniens d’une culture en mouvement 1512-1828, 

48 եւ­րօ, հա­սանե­լի է բազիլիկի վա­ճառա­տան, գրա­խանութնե­րու մէջ եւ https://sourcesdarmenie.com/boutique կայքին վրայ։