ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Մարտ 23-ին, Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի մէջ ազէրպայճանական կողմի միջամտութեան հետեւանքով կազի մատակարարման դադրեցման հարցին, յայտարարած է, թէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը գործադրէ դիւանագիտական իր բոլոր ջանքերը:
Պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն Տաթեւիկ Գասպարեանի հարցումին, թէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի միջազգային բեմին վրայ՝ ներկայացնելու Արցախի մէջ կազի մատակարարման խափանման եւ ցուրտ եղանակին երկրին տարածքին մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելու Ազէրպայճանի գործողութիւնները, Արարատ Միրզոյեան ըսած է.–
“Մենք նախեւառաջ սերտ, պարբերական կապի մէջ ենք ռուս գործընկերների հետ: Վթարը, կամ այս դէպքում արդէն պարզ չէ, թէ ինչպէս անուանել դա… ամէն պարագայի վնասուած կամ փակուած տեղանքը գտնւում է խաղաղապահների պատասխանատւութեան գօտում: Եւ մենք նախ ռուսաստանեան գործընկերների եւ նաեւ՝ մնացեալ արտաքին քաղաքակիրթ աշխարհի հետ կապի մէջ ենք”։
Ան յիշեցուցած է, թէ կատարուածի մասին բողոքագիր յղուած է միջազգային բոլոր գործընկերներուն, որոնք արդէն սկսած են արձագանգել։