Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդը կատարած է կին զինուորներու օրհնութեան կարգը

Մայրութեան ու գեղեցկութեան օրուան եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնին առթիւ, Ապրիլ 7-ին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն մը։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն հաղորդած են, թէ ՀՀ Զինեալ ուժերու  հոգեւոր առաջնորդ Մովսէս վարդապետ Սարգսեան ներկայացուցած է օրուան խորհուրդը եւ կատարած՝ կին զինուորներու օրհնութեան կարգը։