Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ Ֆրանսայի դեսպան.– “Արցախի մէջ առկայ կացութիւնը մտահոգիչ է”

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան Ապրիլ 4-ին կայացած Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույոյի հետ հանդիպումին, ներկայացուցած է ազէրպայճանական զինեալ ուժերու ներխուժման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի  մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Լուրը հաղորդած են ՀՀ ԱԺ աշխատակազմէն։

Ռուբինեան յայտնած է, թէ Ազէրպայճան իր վարած քաղաքականութեամբ Արցախը հայաթափելու նպատակ ունի։

Իր կարգին դեսպան Լույօ մտահոգիչ համարած է Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը:

Կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր եւս:

Մտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան գործընթացին վերաբերեալ: