Հունգարիա վերջապէս վերցուցած է իր արգելքը (վեթօ)՝ Եւրոպական Միութեան «Խաղաղութեան հիմնադրամ»-ի (EPF) ծիրէն ներս Հայաստանին 20 միլիոն եւրօ ռազմական օգնութեան ծրարի տրամադրման վրայէն։ Այս քայլով վերջ կը տրուի ամիսներ տեւած անելին, եւ ճամբայ կը բացուի Յունուարին որոշումին պաշտօնապէս հաստատման։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի Եւրոպայի հարցերու խմբագիր Ռիքարտ Եոզվիաք եւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան հաստատած են այս տեղեկութիւնը, նշելով որ ԵՄ-ի անդամ երկիրները քաղաքական համաձայնութեան եկած են։
Մանրամասնութիւններ
Աջակցութիւնը, որ հաւանաբար պիտի ըլլայ ոչ-մահաբեր պաշտպանական միջոցներու տեսքով, նպատակ ունի զարգացնելու Հայաստանի զինուած ուժերու նիւթաթեքնիկական կարողութիւնները, բարձրացնելու դիմադրողականութիւնը եւ պաշտպանելու քաղաքացիական բնակչութիւնը ճգնաժամերու ընթացքին։
Հունգարիա 2025 Մարտէն ի վեր կը խոչընդոտէր այս որոշումը՝ պահանջելով, որ Ազերպայճանը եւս ստանայ համարժէք աջակցութիւն։ Պուտափեշտ յայտնի է իր ազերպայճանամէտ կեցուածքով եւ նախապէս ալ խոչընդոտած էր նմանատիպ ծրագրեր։
Սա կը յաջորդէ 2024-ին տրամադրուած 10 միլիոն եւրոյի նախնական ծրարին, որ պատմական շրջադարձ մըն էր ԵՄ-Հայաստան անվտանգային համագործակցութեան մէջ։