Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ձերբակալուած է նաեւ Համբիկ Սասունեան 

Քիչ ետք ազատ արձակուած է ու կրակ ժայթքած Փաշինեանի հասցէին 

Ոստիկանները Մայիս 5-ի առաւօտեան ձերբակալած են նաեւ Համբիկ Սասունեանը, որ կը մասնակցէր անհնազանդութեան գործողութիւններուն։ Այս մասին տեղեկացուցած է «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Քրիստինէ Վարդանեան  Դիմագիրքի իր էջով։ 

Նշենք, որ Սասունեան ձերբակալութենէն քիչ ետք, ազատ արձակուած է։

Ոստիկանատունէն ելքին՝ ան լրագրողներուն պատմած է, որ կը քալէր, եւ երբ ոստիկանները սկսած են ձերբակալել երիտասարդներ, պարզապէս անոնց հարց տուած է՝ ինչո՞ւ կը ձերբակալեն։

“Երկու հոգի ինձ բռնեցին եւ վայրենաբար մեքենայի մէջ մտցրեցին, գլուխս էլ խփեցին մեքենայի դռան վերեւի մասին։ Բայց ես որեւէ բան չասեցի. միայն ասեմ, որ յուսախաբ եմ իմ հայրենիքի ոստիկանութեան վերաբերմունքից, որ հայ են կոչւում ու նման ձեւ են վարւում մեր ժողովրդի հետ։ Նիկոլն,  ըստ երեւոյթին, կարմիր բերետաւորներին հրահանգ է տուել, որ այսպէս վարուեն մեր ժողովրդի հետ,– ըսած է Հ. Սասունեան։

Մարդկային իրաւանց պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան այս ձերբակալութեան կապակցութեամբ, «Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-

«“Հայրենական” ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Համբիկ Սասունեանին: 

Ձեզ բա՛րձր ծափահարութիւններ ՔՊ ֆրակցիայի ու ողջ թուրք ժողովրդի անունից… 

Համբիկը յանուն Հայրենիքի 40 տարի է նստել։ Ոչինչ, երեք ժամ էլ կը դիմանայ…»։

Համբիկ Սասունեան 1982-ին Լոս Անճըլըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոս Քեմալ Արըքանը սպանելու մեղադրանքով դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան, սակայն 2021-ին ազատ արձակուած էր իր ցուցաբերած բարի վարքին շնորհիւ։ Այնուհետեւ, ան որոշած էր Հայաստան հաստատուիլ։ 

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ Մայիս 5-ի կանուխ ժամերէն կրկին սկսած են անհնազանդութեան գործողութիւնները: Շարք մը փողոցներ փակուած են:

Ընդդիմութիւնը Մայիս 2-էն սկսաւ անհնազանդութեան գործողութիւններու ձեռնարկել Երեւանի մէջ՝ փակելով շարք մը կեդրոնական փողոցներ։ Յիշեցնենք նաեւ, որ վարչապետ Փաշինեանի՝ Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ նշաձողը իջեցնելու մասին յայտարարութենէն յետոյ Հայաստանի մէջ արդէն աւելի քան մէկ շաբաթ է սկսած են բողոքի ցոյցեր: