Ռուսաստանի Անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ Ղրիմի կամուրջի պայթումին գործով Ռուսաստանի հինգ, Ուքրաինայի երկու եւ Հայաստանի մէկ քաղաքացի ձերբակալուած է։
Ձերբակալուած Հայաստանի քաղաքացիին անունը՝ Արթուր Տարչանեան է:
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ կամուրջին վրայ պայթած բեռնատարը, այլ երկիրներու կարգին, անցած է նաեւ Հայաստանի տարածքով։
Նշենք, թէ Ղրիմի կամուրջին վրայ բեռնատարի պայթումը տեղի ունեցած էր Հոկտեմբեր 8-ին: Ռուսաստան այդ արարքը ահաբեկչութիւն որակած էր եւ պայթումին մէջ մեղադրած՝ Ուքրաինայի յատուկ ծառայութիւնները։
Այս կամուրջը կենսական նշանակութիւն ունի Ղրիմի եւ Ռուսաստանի միջեւ պորտալարի իր հանգամանքով։ Իր 18 քմ. երկարութեամբ ան կը հանդիսանայ Եւրոպայի ամէնէն երկար կամուրջը։ Բաղկացած է երկու բաժնէ՝ երկաթուղիէ եւ կառուղիէ։ Բացումը կատարուած էր 2018-ին՝ (կառուղիին) եւ 2019-ին (երկաթուղիին) երկու փուլով, ձեռամբ նախագահ Փութինի։