Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ղրիմի և Հայաստանի միջեւ զբօսաշրջային նոր երթուղի կը բացուի

Ղրիմի եւ Հայաստանի միջեւ կը նախատեսուի զբօսաշրջային նոր երթուղի բանալ: Լուրը հաղորդած է Ղրիմի Հանրապետութեան փոխվարչապետ,  Իրինա Քիվիքօ։

“Զբօսաշրջութեան ոլորտի եւ կազդուրման սպասարկութիւններու առնչութեամբ՝ արդէն հինգ համաձայնագիր ստորագրուած է, իսկ հայկական ընկերութիւնները շատ հետաքրքրական առաջարկներ ներկայացուցած են «Մետաքսի ճամբայ-Ղրիմ-Հայաստան» զբօսաշրջային երթուղիի վերաբերեալ”,– կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի», մէջբերելով Քիվիքոյի խօսքերը։ 

Ղրիմի փոխվարչապետը նշած է՝ թէ այդ զբօսաշրջային երթուղին կարեւոր է թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ծանուցողական տեսանկիւնէն։