«Ճարտարագիտական շաբաթ 2025»-ը կ՚ընդգծէ Հայաստանի դերը որպէս բարձր արհեստագիտութեան կեդրոն

«ՀայաստանՃար­տա­րագի­տական շա­բաթ 2025»-ը ին­նե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հոկ­տեմբեր 3-5, Երե­ւանի եւ Վա­նաձո­րի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նը որ­պէս տա­րածաշրջա­նային բարձր ար­հեստա­գիտա­կան հանգրուան մը դիր­քա­ւորե­լու նպա­տակով։

Ձեռ­նարկի առա­ջին եր­կու օրե­րը պի­տի ըն­թա­նան Երե­ւանի Ճար­տա­րագի­տական քա­ղաքի ար­հեստա­գիտա­կան արա­գացու­ցի­չին մէջ, իսկ եր­րորդ՝ երի­տասար­դա­կեդ­րոն օրը՝ Վա­նաձո­րի ար­հեստա­գիտա­կան կեդ­րո­նին մէջ։ Ծրա­գիրը կ՚առանձնա­նայ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան եւ կրթու­թեան նուիրուած քննար­կումնե­րով, ինչպէս նաեւ ճար­տա­րագի­տական լու­ծումնե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սով մը, ուր բարձր ար­հեստա­գիտա­կան ըն­կե­րու­թիւններ պի­տի ներ­կա­յաց­նեն իրենց ար­տադրան­քը։

Մի­ջոցառ­ման ըն­թացքին ելոյթ պի­տի ու­նե­նան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչում ու­նե­ցող մաս­նա­գէտ­ներ, որոնց շար­քին են տնտե­սագի­տական վեր­լուծա­բան Փրան­ճալ Շար­մա՝ Հնդկաս­տա­նէն, եւ Teledyne e2v-ի ճար­տա­րագի­տու­թեան տնօ­րէն Մարք Իլիոզեր։

Ձեռ­նարկնե­րը բաց են եւ անվճար բո­լոր հե­տաքրքրուող­նե­րուն հա­մար։ Շաբ­թուան գլխա­ւոր նպա­տակն է ստեղ­ծել հար­թակ նոր գոր­ծակցու­թիւննե­րու հա­մար եւ ամ­րապնդել Հա­յաս­տա­նի դիր­քը որ­պէս ար­հեստա­գիտա­կան առա­ջատար կեդրոն։