Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՃԱՓՈՆ – Հայաստան մասնակցած է Օզաքայի միջազգային ցուցահանդէսին

Ապրիլ 13-ին, բացումը կատարուած է “EXPO 2025 Osaka, Kansai, Japon” միջազգային ցուցահանդէսին, որուն մասնակցած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։

«Այսօրուան եւ վաղուան սիւները» խորագրեալ հայկական ծաւալուն տաղաւարը կ՚ընդգրկէ ութ սիւներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ ուղղութիւն մը՝ հնագոյն պատմութենէն եւ ստեղծարար մտածողութենէն մինչև ժամանակակից արհեստագիտութիւններ, ինչպէս նաեւ կրթական նորարարական նախաձեռնութիւններ՝ ՔՈԱՖ, Արմաթ եւ ԹՈՒՄՕ-ի միջազգային ցանցը, յատկապէս՝ ԹՈՒՄՕ-Gunma կեդրոնին վերաբերող տեղեկութիւններ, որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ Յունիսին։

Ցուցահանդէսին կը մասնակցին աւելի քան 160 երկիրներ։

Ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 13, կ՚ակնկալուի շուրջ 28 միլիոն այցելու։