Սեպտեմբեր 5-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օսաքայի մէջ այցելած է Expo 2025 միջազգային ցուցահանդէսը, որուն շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկը:
Վարչապետը ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն ուղեկցութեամբ նախ շրջած է տարբեր տաղաւարները, ապա պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ գրառած է իր տպաւորութիւնը: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է ճափոնական թէյի աւանդական հիւրասիրութիւնը, որուն մասնակցած են վարչապետը, հայկական պատուիրակութեան անդամներն ու Ճափոնի Արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Այսօրուան եւ վաղուան յոյսերը» խորագրեալ հայկական տաղաւարը կը ներկայացնէ Հայաստանի յառաջատար նորարարական ծրագրերը, մշակութային ժառանգութիւնը, ներդրումային կարելիութիւնները, յառաջադէմ կրթական նախաձեռնութիւնները: Պատասխանատուները մատնանշած են, թէ հայկական տաղաւար այցելուներուն թիւը ցուցահանդէսին սկսելէն ի վեր կը գերազանցէ մէկ միլիոնը:
Հուսկ, տեղի ունեցած է Հայաստանի ազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկին բացման արարողութիւնը: Նախ հնչած են Հայաստանի եւ Ճափոնի ազգային փառերգերը, ապա ելոյթներով հանդէս եկած են վարչապետ Փաշինեան եւ «Էքսփօ 2025» ցուցահանդէսի ընդհանուր յանձնակատարի տեղակալ Շիկեթոշի Իքէյամա: Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։
Վարչապետը իր ելոյթին յատկապէս ընդգծած է.
“«Այսօրուան եւ վաղուան յոյսերը» խորագիրը կրող Հայաստանի տաղաւարին սիւներէն չորսը կը խորհրդանշեն Հայաստանի «այսօր»ը՝ պատմութիւնը, մշակոյթը, նորարարութիւնը եւ տարածաշրջանային հնարաւորութիւնները։ Հայաստանի ապագան խորհրդանշող միւս չորս սիւները կը ներկայացնեն արհեստագիտական, նորարարական կրթութեան փիլիսոփայութիւնը եւ Հայաստանի տեսլականը՝ ուսուցման եւ կրթութեան ապագայի մասին, որուն համածիրին մէջ ներառուած են ապագային միտող հայկական կրթական նախաձեռնութիւնները՝ ԹՈՒՄՕ-ն, ՔՈԱՖ-ը, Արմաթը եւ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած նոր նախագիծերը՝ «Ակադեմական քաղաք»-ը, «Ինժեներական քաղաք»-ը։ Այս բոլորը բացառիկ առիթ կ՚ընծայեն ոչ միայն ճափոնցի ժողովուրդին, այլեւ աշխարհին ներկայացնելու Հայաստանի տնտեսական, մշակութային, արհեստագիտական, կրթական եւ զբօսաշրջային գրաւչութիւնը՝ նոր հորիզոններ բանալով սոյն բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան առաւել զարգացման եւ ընդլայնման համար”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։