Սեպտեմբեր 5-ին Ճափոնի Օսաքա քաղաքէն վերադարձող ՀՀ կառավարական Airbus A319 օդանաւը ճամբուն վրայ երկու վայրէջք կատարած է, մէկը՝ Ուլան Պաթոր (Մոնղոլիա), միւսը՝ Ալմաթի (Ղազախստան)։
Այս վայրէջքերը շատերու ուշադրութիւնը գրաւած են պարզապէս այն պատճառով, որ նշեալ երկու վայրերն ալ բաւական հեռու կը գտնուին Օսաքա-Երեւան օդային բնականոն երթուղիէն։
Այս մասին յղուած հարցումներուն՝ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն պատասխանած են, որ օդանաւը Ուլան Պաթորի օդակայան էջք կատարած է վերալիցքաւորման նպատակով: Սակայն չեն պատասխանած հարցումին, թէ ինչո՞ւ օդանաւը հոն մնացած է ամբողջ 3 ժամ:
Ոչ ալ կարելի եղած է պատասխան ստանալ հարցումին, թէ վերալիցքաւորման համար ինչո՞ւ ընտրուած է Ուլան Պաթորը, որ բաւական հեռու է Օսաքա-Երեւան տրամաբանական երթուղիէն:
Փաշինեանի աշխատակազմէն նաեւ չեն պատասխանած, թէ Ուլան Պաթորի մէջ վերալիցքաւորումէն ետք, օդանաւը ինչո՞ւ Ալմաթի գացած է։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։