Ինչպէս նախապէս հաղորդած էր Էլիզէ, Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ, Նոյեմբեր 19-ին նախագահ Մաքրոն հանդիպում ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ:
Զրուցակիցները բարձր գնահատած են Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջանը, եւ անդրադարձած տեղի ունեցող քննարկումներուն, Կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններուն եւ հետագայ ծրագրերուն վերաբերող հարցերուն:
Երկու երկիրներու առաջնորդները միտքեր փոխանակած են նաեւ անցեալ Հոկտեմբերին Փրակայի մէջ կայացած Հայաստանի, Ֆրանսայի, Ազերպայճանի ղեկավարներու եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի քառակողմ հանդիպման արդիւնքներուն մասին: Ընդգծուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու իրագործման կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան շեշտած է ազերպայճանական յարձակման հետեւանքներու վերացման, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական ստորաբաժանումներու անյապաղ նահանջի անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները քննարկած են նաեւ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր: ■