ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ, ընդհանուր ժողովին ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է, թէ Համաշխարհային հանրութիւնը կը բախի դաժան հակամարտութիւններու, իսկ գերտէրութիւններու միջև անվստահութեան մակարդակը հասած է գագաթնակէտին:
“Կը գտնուինք համաշխարհային համաճարակի ճիրաններուն մէջ։ Պսակաձեւ ժահրը կը շարունակէ տնօրինել մեր կեանքը, ծրագրերն ու յոյսերը: Անորոշութիւնը ա՛լ աւելի շեշտուած է: Միւս կողմէ, մեծ թիւ կը կազմեն անհաւասարութիւնը և սղաճը”,– ընդգծած է Կութերեշ, աւելցնելով թէ՝ 1945-էն ի վեր աշխարհի մէջ այժմ տեղի կ՚ունենան ամենամեծ թիւով դաժան հակամարտութիւնները:
“Հիւլէական սպառազինութեան միաւորներու թիւը կը գերազանցէ 13 հազարը, եւ ատիկա տասնամեակի ընթացքին ամէնէն բարձր մակարդակն է”,– ըսած է ան: