Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կասեցուցած Է Ռուսաստանի մասնակցութիւնը՝ Կազմակերպութեան Մարդկային իրաւանց խորհուրդին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կասեցուցած է Ռուսաստանի մասնակցութիւնը Մարդկային իրաւանց խորհուրդին:

«Ռէօթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ այդ որոշումը պայմանաւորուած է Ուքրաինայի մէջ  Ռուսաստանի գործողութիւններով:

Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած այս նախաձեռնութիւնը ստացած է 93 թեր ձայն, 24 երկիր դէմ քուէարկած է, իսկ 58-ը՝ ձեռնպահ մնացած է:

Նշենք թէ՝ Հայաստան քուէարկութեան չէ մասնակցած։ 

Աւելցենք, թէ խորհուրդին մէջ մասնակցութեան կասեցում հազուադէպ կը պատահի: Լիպիոյ մասնակցութիւնը դադրեցուած էր 2011-ին` այդ երկրին այն օրերու ղեկավար Մուամմար Քատաֆիին հաւատարիմ ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն նկատմամբ ցուցաբերուած բռնութեան պատճառով: