Մահ՝ աշխարհաքաղաքագէտ եւ աշխարհի յեղափոխութիւններու վկայ Ժերար Շալեանի

Օգոստոս 20-ին, Ժերար Շալեան իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ, 91 տարեկանին։ Անոր մահով Ֆրանսան եւ աշխարհը կը կորսնցնեն մեր ժամանակներու ամենամեծ աշխարհաքաղաքագէտներէն մէկը, որ իր կեանքը նուիրեց հասկնալու եւ վերծանելու այն հակամարտութիւնները, որոնք կերտեցին մեր դարը։

1934-ին Պրիւսէլի շրջանի Էթերպէք քաղաքը ծնած Շալեան՝ հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի զաւակ ըլլալով՝ իր մէջ կը կրէր անոր ցաւոտ յիշողութիւնը։ Այդ ծագումը խորապէս պիտի ազդէր անոր աշխարհընկալման վրայ եւ նպաստէր բռնութեան ու ճնշման գործիքակազմերու ըմբռնման։

Որպէս ճանչցուած վիճաբան՝ Ժերար Շալեան յեղափոխեց աշխարհաքաղաքական ուսումնասիրութիւններու դաշտը իր եզակի մօտեցումով՝ դէտ-մասնակիցի դիրքով։ Աւելի քան քսան տարի ան ապրեցաւ տասնհինգի հասնող զինեալ յեղափոխական շարժումներու կողքին՝ չորս ցամաքամասի վրայ՝ Փորթուկալական Կինէայի մէջ՝ Ամիլքար Գապրալի հետ, Հիւսիսային Վիեթնամի, Գոլոմպիոյ մէջ, Լիբանանի մէջ՝ «Ֆաթահ»-ի հետ։ Ան ներսէն վկայեց ապագաղութացման շարժումներու եւ յեղափոխական զօրքերու մասին։

Այս բացառիկ դաշտային փորձառութիւնը, «իւրաքանչիւրին մէջ աշխարհի գեղեցկութիւնը տեսնել»-ու կարողութիւնը սնուցեցին անոր աւելի քան քառասուն աշխատութիւններէ բաղկացած հարուստ ժառանգութիւնը, նաեւ գրական, բանաստեղծական էջերով։ Շալեանի աշխարհաքաղաքական վերլուծութիւնները, ռազմավարական ատլասները եւ ճանապարհորդական յուշերը ձեւաւորեցին քանի մը սերունդ ուսանողներ եւ ղեկավարներ։

Որպէս դասախօս՝ ան ուսուցանեց Ֆրանսայի ENA-ի, Պաշտպանութեան միջբանակային գոլէճի, Հարվարտի, Պըրքլիի եւ բազմաթիւ օտարերկրեայ համալսարաններու մէջ՝ երբեք չդադրելով փոխանցելէ իր կիրքը հանդէպ համաշխարհային ուժերու յարաբերութիւններու ըմբռնման։ Թէ՛ «աշխարհէն անիծուածներու», թէ՛ ալ պետական ղեկավարներու հետ իր մտերմութեանց շնորհիւ՝ անոր վերլուծութիւնները վայելեցին եզակի յարգանք ու համարում։

Ըլլալով ընտանեկան ողբերգութեան ժառանգորդ մը, Շալեան մեծապէս աշխատեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութեան ի խնդիր՝ Իվ Թերնոնի հետ հեղինակելով «1915, Հայոց ցեղասպանութիւնը» կարեւոր աշխատութիւնը, նպաստելով Պատմութեան այդ սեւ էջի ճանաչման։

Յանձնառու մտաւորական, սակայն երբեք անհանդուրժող կամ իր համոզումը միակ ճշմարտութիւնը նկատող, աշխարհի վերափոխումներու սթափ դէտ Ժերար Շալեան իր ետին կը թողէ թէ՛ զգալի ստեղծագործութիւն, թէ՛ ալ տիպար օրինակ մը կեանքի՝ նուիրուած փաստերու ճշմարտութեան եւ մարդոց ըմբռնման։

Անոր հարազատներն ու բոլոր անոնք, որոնք բախտն ու պատիւը ունեցան զինք ճանչնալու, կը մեծարեն յիշատակը մարդու մը, որու անձին մէջ հազուագիւտ հմտութիւնը կը զուգորդուէր նուրբ զգայնութեամբ եւ բարութեամբ, որ միշտ կը զգացուէր աշխարհաքաղաքագէտի փորձառութեան ետին։ Այսօր անոր յիշատակը կը միանայ այն երանելիներուն, որոնք իրեն նման փորձեցին լուսաւորել մեր աշխարհի մութ ծալքերը։