39 տարեկանին մահացած է աշխարհահռչակ ամերիկահայ կռփամարտիկ Վանէս Մարտիրոսեանը։ Ան յանձնուած է բջիջային քաղցկեղի, որուն դէմ կը պայքարէր տարիէ մը ի վեր։
Մարտիրոսեան հայ եւ ամերիկեան կռփամարտի ամենաազդեցիկ դէմքերէն էր։ Ան Հայաստանի 8-ակի ախոյեան էր, ԱՄՆ-ու «Golden Gloves» տիտղոսի դափնեկիր, ինչպէս նաեւ 2004-ի Ողիմպիական խաղերու մասնակից։ Արհեստավարժ ասպարէզին մէջ նուաճած էր NABF աշխարհի ախոյեանի կոչումը, NABO-ի թափուր տիտղոսը, WBA International, WBC Silver եւ WBO Inter-Continental գօտիները՝ առաջին միջին-ծանրերու դասակարգին մէջ։
Մարտիրոսեանի վերջին մենամարտը կայացած էր 2018-ին՝ առասպելական Կենատի Կոլովքինի դէմ։
“Պարզապէս կ՚աղօթեմ Աստուծոյ, որ բուժէ զիս… Կ՚աղօթեմ հրաշքի համար։ Բժիշկները կ՚ըսեն, որ սա այնքան հազուագիւտ հիւանդութիւն մըն է, որ կը հարուածէ մարդոց միայն 1 առ հարիւրը։ Գիտէ՞ք, եղբայրս մահացաւ սրտի կաթուածէ՝ 40 տարեկանին։ Մայրս ու հայրս արդէն իրենց տեղը ապահոված են անոր կողքին։ Անոնց ըսի, որ չեմ ուզեր յաջորդը ըլլալ”,– յայտարարած էր եղերաբախտ մարզիկը։