Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մահ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու խորհրդանշական դէմք՝ Ռոմէն Կոզմոյեանի

Ապրիլ 12-ին, Երեւանի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է ազգային եւ հասարակական գործիչ, Սփիւռքահայութեան քաջածանօթ դէմք՝ Ռոմէն Կոզմոյեան:

Բոլորէն սիրուած ու յարգուած ողբացեալը խորհրդային շրջանին Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու կոմիտէի արեւելեան երկիրներու բաժինի վարիչը եղած է, ապա նաեւ՝ նոյն կոմիտէի նախագահի տեղակալ, նախքան 1980-ականներուն ստանձնելը՝ Լիբանանի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան մշակութային կցորդի պաշտօնը. իսկ անկախ Հայաստանի մէջ՝ Սփիւռքի լաւագոյն գիտակն էր ան։

Ռոմէն Կոզմոյեան իր իմացութիւններն ու փորձառութիւնը, կապերն ու հնարամտութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին ի սպաս դրած է Սփիւռքի մէջ առկայ մեծ ու փոքր խնդիրներուն լուծում գտնելու, ներգաղթը խրախուսելու, ներգաղթողներու առջեւ ծառացող խնդիրները լուծելու եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ռազմավարական անհրաժեշտութիւնները մշակելու ու միջոցներ կեանքի կոչելու նպատակներուն։

Ռոմէն Կոզմոյեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնաթող սպայ էր, գնդապետ։ Այս լուսանկարը կատարուած է Սուրիոյ Երեւանի դեսպանատան մէջ 2020 Փետրուար 26-ին՝ ըննդէմ թրքական ուժերուն Սուրիա ներխուժման եւ ի զօրակցութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ պատուարժան մէկ այլ Հայ՝ նոյնպէս ողբացեալ զօր. Արկադի Տէր-Թադեւոսեան (նկարին մէջ՝ աջին)։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։