Յունիս 13-ին, ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մին՝ վիրաբոյժ տոքթ. Սերժ Սիմոնեանը, որ կեանքէն հրաժեշտ առաւ 86 տարեկանին։
Ողբացեալին անունը իր մասնագիտական ասպարէզէն անդին, անանջատելի պիտի մնայ մարդասիրական անհամար նախաձեռնութիւններէ, առաքելութիւններէ, հայկական աշխարհէն ներս։
Տոքթ. Սիմոնեան 1975-ին, տոքթ. Միշէլ Տերվիշեանի անմիջական գործակցութեամբ (վերա)հիմնած* է Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF), որուն առաջին նախագահը եղած է։ Այս կառոյցին, քանի մը տարի ետք, հսկայական բեռ մը պիտի վիճակէր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժով։ Տոքթ. Սիմոնեան եւ անոր ընկերները անգնահատելի գործ մը գլուխ պիտի հանէին եւ աջակցութիւն ցուցաբերէին երկրաշարժէն տուժածներուն, ոչ միայն անհատական ներդրումով, այլ նաեւ իրենց ֆրանսացի գործընկերներէն շատեր ալ ներգրաւելով, պատուհասին՝ մարդ արարածին վրայ գործած աւերները ըստ կարելւոյն թեթեւցնելու համար։
Տոքթ. Սիմոնեան բժշկական աջակցութեան կողքին ձեռնամուխ պիտի ըլլար նաեւ նիւթական աջակցութեան. երկրաշարժին տարին, աղէտի գօտիին համար դրամահաւաքի նպատակով ստեղծուած SOS Arménie-ին ալ գլուխը պիտի անցնէր եւ որպէս տեղւոյն կացութեան քաջատեղեակ՝ նուիրումով պիտի վարէր անոր նախագահութիւնը։
Երբ աղէտին պատճառած վէրքերը յարաբերաբար սպիացան, անխոնջ գործիչը իր ներդրումը սեւեռեց Եան՚ց ակումբին վրայ, որուն ծառայեց տասնամեակներով, մինչեւ իր մահը։ Եան՚ց-ի ընկերները դարձան անոր երկրորդ ընտանիքը։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցն ալ այն է, որ այդ ընկերներն էին անոր մահուան բօթը առաջին հրապարակողները, որոնք Դիմագիրքէն՝ Եան՚ց-ի էջով կը գուժէին. «YAN’S Club-ի ոգին էր: Դուք չէիք կրնար անցնիլ առանց նկատելու զայն, որ նստած կ՚ըլլար փոքրիկ սեղանին առջեւ, հարթակին վրայ, ստուգելու համար ներկաները: Այսօր իր մահկանացուն կնքեց Եան՚ց ակումբի մեր սիրելի ընկեր եւ գանձապահ տոքթ. Սերժ Սիմոնեանը։ Բառ չենք գտներ արտայայտելու մեր անսահման ցաւը։ Սե՛րժ, մի՛ մտահոգուիր. մենք միշտ հոգատար պիտի ըլլանք քու մանկիկին՝ Ակումբին»։
Կայ դեռ Սերժ Սիմոնեանի կրթասիրական նուիրումը։ Վերջին տարիներուն, ան մեծ վաստակ ունեցաւ Նորվան Սրբազանի գլխաւորած APCAF ընկերակցութենէն ներս, դպրոցաշինութեան ծրագրերուն մէջ։ Մեր ընթերցողներէն անոնք, որոնք մօտէն ծանօթ չեն ողբացեալին ու անոր կատարած գործին, առնուազն հանդիպած են անունին՝ ամէն անգամ, որ դպրոցաշինութեան ի նպաստ նուէրներու նոր ցանկ մը կը հրատարակուէր, վասնզի իբրեւ անձնուէր ու վստահելի անձ, անոր յանձնուած էր նուէրներու հաւաքումը եւ իւրաքանչիւր շնորհակալիքի ցանկին տակ կը կարդայինք՝ «Ձեր նուէրները ղրկել տոքթ. Սերժ Սիմոնեանին, հետեւեալ հասցէով…»։
Անոր մեկնումով՝ կարեւոր մէկ էջը եւս կը դարձնենք ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները տե՛ս. էջ 8։
* UMAF-ը նախընթաց մը ունեցած է։ Տոքթ. Պօղոս Քոլոլեան (1870, Կոստանդնուպոլիս – 1956, Փարիզ) 1921-ին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու հետ հիմնած է UMA-ն՝ Հայ բժիշկներու միութիւնը, որ տարիներով գործունէութիւն ծաւալելէ ետք տակաւ առ տակաւ շիջած է։