Մահացած է Գլաուտիա Գարտինալէ՝ Հանրի Վերնէօյի «մայրիկ»-ը

87 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է իտալական շարժարուեստի ինքնատիպ դերասանուհիներէն Գլաուտիա Գարտինալէ։

Ան ծնած է Թունիս։ 1957-ին ընտրուած ըլլալով «Թունիսի ամենագեղեցիկ իտալուհի»-ն, հրաւէր ստացած է մասնակցելու Վենետիկի շարժարուեստի փառատօնին։ Դերասանական կրթութիւն ստացած է Հռոմի թատերական դպրոցը, զուգահեռաբար յաճախած է պարի, գեղասահքի, իտալերէնի դասերու, քանի որ աւելի լաւ կը խօսէր օտար լեզուներ, քան մայրենի լեզուն։ Նկարահանուած է նշանաւոր իտալացի ռեժիսէօրներ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի, Լուքինօ Վիսքոնթիի եւ այլոց ֆիլմերուն մէջ։ 

Գարտինալէ նկարահանուած է աշխարհի տարբեր շարժարուեստի ընկերութիւններու անուանի բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ՝ Ալպերթօ Գաւալքանթիի «Վենետիկեան ամուսնութիւններ», Փիեթրօ Ճերմիի «Սպանութիւն իտալական ձեւով», Մարիօ Մոնիչելլիի «Աղաւնին» եւ «Միլանոյի գաղթականները», Լուիճի Ծամփայի «Դատաւորը» եւ «Թռչող աղուէսը», Ֆետերիքօ Ֆելլինիի «Ութ ու կէս», Լուքինօ Վիսքոնթիի «Յովազը» եւ «Սանտրա»-ն, Ռիչըրտ Պրուքսի «Արհեստավարժները», Ֆրանքօ Ծեֆիրելլիի «Յիսուս Նազովրեցին» եւ այլն։ Գարտինալէ նաեւ երգարուեստի բնագաւառին մէջ արձանագրած է որոշ յաջողութիւններ։

Բայց մեզի՝ հայերուս համար Գարտինալէ ամէն բանէ առաջ Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ» ֆիլմին մէջ մարմնաւորած անմոռանալի մայրիկն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ՝ անմոռանալի։