Մահացած է Նիքիթա Սիմոնեանը

99 տարեկան հասակին մահացած է հայազգի առասպելական նախկին ֆութպոլիստ եւ վաստակաւոր մարզիչ, Ռուսաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան առաջին փոխնախագահ Նիքիթա Սիմոնեանը։

Անոր մահուան մասին Նոյեմբեր 23-ին, յայտնած է Ռուսաստանի ֆութպոլի վեթերաններու միութեան նախագահ Ալեքսանդր Միրզոյեանը։

«Նոյեմբեր 20-ին Նիքիթա Սիմոնեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր, զինք հիւանդանոց փոխադրած էին։ Այսօր ան հեռացաւ կեանքէն»,- յայտնած է Միրզոյեան։

Նիքիթա Սիմոնեան 1949-1959 թուականներուն խաղցած է Մոսկուայի «Սպարթակ»-ի կազմէն եւ իր նշանակած 160 կոլերով դարձած է ակումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն։

Սիմոնեան 1973 թուականին Երեւանի «Արարատ»-ի մարզիչն էր, երբ «Արարատ»-ը դարձաւ նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր։