Մայր Աթոռը զգաստութեան կոչ կ՚ընէ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը տասը եպիսկոպոսներու ըրած հաւաքի կոչին առնչութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՚ըսուի.

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ տասը եպիսկոպոսներու յաջորդական յայտարարութեան պատճառով հանրութեան մէջ յառաջ եկած ընդվզումներուն առիթով։

Մայր Աթոռը զգաստութեան կոչ կ՚ուղղէ վտանգաշատ հաւաքի նախաձեռնութիւնը ստանձնած Սրբազան հայրերուն։ Պէտք է դրսեւորել պատասխանատւութիւն՝ զերծ պահելու ժողովուրդը աղէտաբեր յուզումներէ եւ գործել բացառապէս եկեղեցւոյ կանոնական ընթացակարգերով։ Հարկ չկայ շահարկելու ժողովուրդին նուիրական զգացումները եւ յայտնի կեղծ օրակարգով հակառակութիւններ սերմանել եկեղեցւոյ բարեպաշտ զաւակներուն մէջ՝ խաթարելով հայոց հոգեւոր կեդրոնի խաղաղութիւնն ու աղօթական միջավայրը։

Մայր Աթոռը կը յորդորէ հաւատաւոր ժողովուրդին պահպանել հանդարտութիւն եւ չ՚ենթարկուիլ նման գրգռիչ յայտարարութիւններու ազդեցութեան։ Մայր Աթոռ ուղղուելիք ձեր քայլերը, սիրելի՛ ժողովուրդ, թող դրսեւորումը ըլլան միմիայն աղօթքի, համերաշխութեան ու միասնականութեան։ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութիւնը ձեր հաւատարմութիւնն է առ հայրենին եւ առ մեր Սուրբ Եկեղեցին։

Տէրը օգնական հայոց ազգին»։