Յունիս 5-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսած է միաբանական համագումարը, որուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերէն միաբան վարդապետներ եւ աբեղաներ: Համագումարին կը մասնակցին նաեւ ներկայացուցիչներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն, Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւններէն:
Միաբանական համագումարի ատենապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական բաժնի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան ընդգծած է, որ այս համագումարը լաւագոյն առիթն է միասնաբար ու միատեղ քննարկելու Հայ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ ուղիներ գտնելու անոնց յաղթահարման համար:
«Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ քարոզչական ու հոգեւոր-կրթական առաքելութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ. տեսլականներ եւ մարտահրաւէրներ» նիւթին շուրջ զեկուցած է Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Զաքարիա ծ. վրդ. Բաղումեան: Հայր Սուրբը ի մասնաւորի անդրադարձած է երիտասարդներու հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութեան, անոնց բարոյական եւ ազգային կերտուածքի ձեւաւորման, հոգեւոր անվտանգութեան ապահովման, աղանդաւորական շարժումներու դէմ պայքարին:
Յունիս 6-ին համագումարի մասնակից միաբանները կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Յունիս 7-8-ին հովուական առաքելութեամբ կը մեկնին Տաւուշի եւ Գեղարքունեաց թեմերու տարբեր համայնքներ, կ՚այցելեն մասնաւորապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած, վիրաւոր ու անհետացած զինուորներու եւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն: