Հայկական մշակոյթի զարգացման ընկերակցութիւնը՝ APCAF-ը, Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին հետ գործակցութեամբ՝ կազմակերպեց «Ալֆորվիլի երկխօսութիւններ» շարքին երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Յունիս 5-ին, «Մարիամ Արապեան» մանկապարտէզին մէջ, «Միսաք Մանուշեան՝ բանաստեղծը» խորագրեալ դասախօսութեամբ։ Բանախօսները հայ լեզուի ու գրականութեան երկու մասնագէտներ էին. Սթեֆան Ճերմակեան, հայ լեզուի ու քաղաքակրթութեան դասախօս եւ Էքս-Մարսիլիոյ համալսարանի Մերձաւորարեւելեան ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի տնօրէն, նաեւ թարգմանիչը՝ Միսաք Մանուշեանի «Ազատութեան մեծ երազանքով գինովցած» բանաստեղծական ժողովածուին,– լոյս տեսած՝ Փուէն հրատարակչատունէն,– եւ Ժերար Մալխասեան, նախապատրաստական դասարաններու՝ փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ Ինալքօ-ի դասախօս։
Սթեֆան Ճերմակեան
Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացումէն ետք, դիմադրականը այլեւս անծանօթ մը չէր, սակայն անյայտ կը մնար վերջինիս միւս երեսը՝ բանաստեղծը, որ քիչեր կը ճանչնային։
Քաղաքական գործիչ, բայց նաեւ մտաւորական, Մանուշեան քիչ արտադրեց։ Անոր ժողովածուն պարունակեց 56 բանաստեղծութիւն եւ քանի մը արձակ գրութիւն,– որ ինչպէս նշուեցաւ երեկոյթին, թարգմանութեան ընթացքի մէջ են,– բայց ան նաեւ գրական ամսագիրներու խմբագիր էր, ինչպէս «Մշակոյթ»-ի, «Զանգու»-ի… Սթեֆան Ճերմակեան ներկայացուց Մանուշեանի բանաստեղծական գործը, անոր երազանքներն ու յոյսերը, տանջանքն ու մելամաղձութիւնը։ Բանախօսը բնութագրեց անոր բանաստեղծութիւնը՝ որպէս ներանձնական, պարզութեամբ եւ կիրքով ներծծուած։ Անոր բանաստեղծութիւններուն միջոցով կը ծանօթանանք աքսորեալին, օտարականին, բնութեան սիրահարին, գիտելիքի ծարաւին, ազատութեան սիրահարին, արդարութեան համար պայքարողին…
Ժերար Մալխասեան
Ժերար Մալխասեան, իր կարգին, վերլուծեց Մանուշեանը իր ժամանակաշրջանին՝ այն գրական եւ հասարակական միջավայրին մէջ, ուր ան ապրեցաւ։ Բանախօսը ներկայացուց իր ելոյթը երկու մասով. նախ երիտասարդ գրողներու խումբը, Մանուշեանի պայքարի ու գրչի ընկերները, գրական շրջանակը, եւ երկրորդ բաժնին մէջ ան կատարեց այս գրականութեան որոշ կողմերու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս Մանուշեանի բարեկամներէն Սեմայի արտադրութեան, որ տեսակ մը գրական ինքնավերլուծութիւնն է աքսորեալ արմատախիլներուն, որոնք պիտի փարէին համայնավարութեան, ինչ որ գաղափարաբանօրէն զիրենք պիտի մօտեցնէր Խորհրդային Հայաստանին։ Վերջինս անոնց համար կը ներկայացնէր ինքնութեան ամուր հիմ մը, որ իրենց թոյլ պիտի տար պայքարիլ այն անարդարութիւններուն դէմ՝ որոնց զոհ դարձան։
Երեկոյթի զրուցավար Կորիւն Ափրիկեան յիշեցուց «Ալֆորվիլի երկխօսութիւններ»-ու կազմակերպման նպատակը, որ հանրային հանդիպումներու շարքով՝ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին առնչուած նիւթերու ներկայացումն է հանրութեան, հետազօտութիւններու ու վիճարկումներու միջոցով։ Ծրագիրը, որուն ձեռնարկուած է Ալֆորվիլի 140-րդ տարեդարձին առիթով, կ՚իրագործուի Քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար եւ պիտի տարածուի երեք տարուան վրայ՝ 2025-2027։
Հուսկ, երեկոյթի կազմակերպիչ APCAF-ի կողմէ վերջերս ստեղծուած AGEFAA-ի (Ալֆորվիլի հայկական վարժարաններու յանձանձման ընկերակցութիւն) նախագահ Միշէլ Պուտաքճի օգնութեան կոչ յղեց ներկաներուն, որպէսզի կարելի դառնայ «Մարիամ Արապեան» նոր մանկապարտէզին բացումը եւ մանուկներուն ընդունումը յառաջիկայ Սեպտեմբերին։
* * *
Առաջին դասախօսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ Փետրուարին, իբր բնաբան ունէր հայկական այբուբենը։ Դասախօսեցին պատմաբան, Ֆրանսայի Գրականութեան կաճառի անդամ Ժան-Փիէր Մահէ, որու ընտրած նիւթն էր «Մաշտոց՝ ձեւուած այբուբեն», եւ հին ձեռագրերու մասնագէտ, École nationale des chartes-ի մէջ Մարդկային ժառանգութեան թուայնացման բաժանմունքի վարիչ Շահան Վիտալ-Կորէն՝ «Հայկական գրութիւններու ծագումնաբանութիւնն ու ձեռագրերու ինքնաշխատ ընթերցումը» բնաբանով։ Երեկոյթի զրուցավարն էր գրող Միշէլ Մարեան։
Թ.Շ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։