Աւանդութիւնը կը շարունակուի
Դարձեալ աշուն է. դարձեալ Մարսիլիոյ միջազգային տօնավաճառին մէջ Հայաստանի տաղաւարն է կեդրոնական ուղիին վրայ բացուած, որ 30 եւ աւելի տարիներէ ի վեր կը մատակարարուի Մարսիլիոյ Հայ մշակոյթի տան կողմէ, նիւթական աջակցութեամբ Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի Նահանգային խորհուրդին։ Իսկ՝ Սեպտեմբերի վերջին Ուրբաթ օրը աւանդաբար յատկացուած է Հայաստանի։
Այս տարի, տաղաւարի ճակտին պարզուած էր լայն պաստառ մը հետեւեալ գրութիւնով. « L’arménie est en danger », անցորդներուն, այցելուներուն յիշեցնելով մեր Մայր հայրենիքին սպառնացող ահաւոր վտանգները։ Հռչակաւոր գիտնական՝ Ալպէր Այնշթայն ըսեր էր. « Le monde ne se perd pas par ceux qui ne font rien, mais par ceux qui regardent avec indifférence ». ինչպէս իր բարիգալստեան խօսքին մէջ յիշեցուց Մշակոյթի տան վարչութեան նախագահ Կարօ Յովսէփեան։
Պաշտօնական հանդիսութիւնը, որ սովորաբար տեղի կ՚ունենար կէսօրին, այս տարի պարագաներու բերմամբ տեղի ունեցաւ աւելի ուշ, ժամը 17-ին, ի ներկայութիւն Նահանգային խորհուրդի եւ Էքս-Մարսիլիա մեթրոփոլի նախագահուհի Մարթին Վասալի (մօր կողմէ հայ), Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանի եւ բազմաթիւ ընտրեալ անձնաւորութիւններու, որոնց մէջ՝ ծերակուտականներ Մարի-Առլէթ Քարլոթթի եւ Ժերեմի Պաքի, Քաղաքակոյտի փոխնախագահ Տիտիէ Բարակեան, երեսփոխան Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ։ Բացման խօսքէն յետոյ 11 տարեկան Լենա Տիգրանեան ապրումով արտասանեց 2017-ին Շառլ Ազնաւուրի գրած « L’Histoire d’Arménie » քերթուածը։
Ապա, խօսք առաւ Նահանգային խորհուրդի նախագահուհին, որ նախ յիշեցուց իր ընտրութեան օրէն ստանձնած յանձնառութիւնը տաղաւարի գոյատեւման օժանդակելու, ապա ցասումով անդրադարձաւ միջազգային մարմիններու անտարբերութեան կամ անզօրութեան Հայաստանի սպառնացող վտանգներուն դիմաց։
Օրուան պատուոյ հիւրն էր երիտասարդ խոհարար Լուտվիկ Թուրաչ, որ ստացեր էր Միշըլէն հաստատութեան կողմէ պարգեւուած իր առաջին աստղը. ան ալ իր յանձնառութիւնը արտայայտեց իր մասնագիտութեամբ Հայաստանն ու հայութիւնը ներկայացնելու։
Կարգը եկաւ ԺԱՖ-ի պարախումբին, որ հայկական պարերով սքանչելի ելոյթ ունեցաւ։ Հուսկ ուրեմն, աւանդական հիւրասիրութեամբ աւարտեցաւ Տօնավաճառին Հայաստանի օրը, որու յուրախութիւն բոլորին, այս տարի ներկայ գտնուեցաւ բաւական հոծ հասարակութիւն։
Ս. Պ.