Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մարսիլիոյ համազգայինի, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեանի եւ Դպրոցասէրի աշակերտներուն այցը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ապրիլ 23-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ ընդունած է Մարսիլիոյ համազգայինի, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեանի եւ Դպրոցասէրի աշակերտները՝ ընկերակցութեամբ ազգային բարերար Սարգիս Պետոյանի:

Վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւն յայտնած է հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համար, որուն շնորհիւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրերուն Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական վարժարաններու սաները ամէն տարի կ՚այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:

Գարեգին Բ. ընդգծած է հայրենիք այցելութեան կարեւորութիւնը, որ հնարաւորութիւն կ’ընծայէ պատանի հայորդիներուն հաղորդ դառնալու հայրենի իրականութեան, ծանօթանալու հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ու արժէքներուն՝ զօրացնելով անոնց հաւատքն ու ազգային ինքնութիւնը:

Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է բարերարին, վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական անձնակազմին եւ հոգաբարձուներուն՝ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ այցելութիւնները կազմակերպելնուն համար:

Աւարտին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնած է ֆրանսահայ աշակերտները: