Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Սուրբ Զատկուան պատգամը

 

Մեծի Տանն Արամ Ա. gաթողիկոս Սուրբ Զատկուան պատգամին մէջ յատկապէս նշած է.

«Քրիստոսին հետեւիլ կը նշանակէ՝ չարն ու մեղքը յարութեան յաղթանակով նուաճելու վճռակամութեամբ զինուիլ։

Ա՛յս հաւատքով ու տեսիլքով եկեղեցին մնաց կանգուն պատմութեան պարտադրած չարի ու մահուան սպառնալիքներուն դիմաց։

Ա՛յս հաւատքով ու յոյսով հայ ժողովուրդը համախմբուած իր հաւատքի բերդին ու յոյսի աղբիւրին՝ հայ եկեղեցւոյ շուրջ, մահը կեանքով դիմագրաւեց, խաչը՝ յարութեան շունչով։ Մահը յարութեան յաղթանակով խորտակելու հաւատքով, յոյսով ու վճռակամութեամբ զինուած հայ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կենսագործեց դարեր շարունակ։

Հրապուրիչ անուններով ու երեւոյթներով, մտածելակերպերով ու կենցաղակերպերով չարն ու մեղքը սկսած են իրենց ներկայութիւնը հաստատել ներկայ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս։ Մարդակեդրոն ու մարդանպատակ դարձած աշխարհը սկսած է հեռանալ Աստուծմէ, երկիրը՝ երկինքէն։ Մարդը դարձած է ենթակայ՝ մեղքով, փառքով ու հաճոյքով շաղախուած իր եսին։ Քրիստոս իր մահով յաղթեց մահուան եւ մեզի կեանք պարգեւեց։ Կառչի՛նք կեանքին, Քրիստոսի յարութեամբ թրծուած ու յաղթանակով շահուած կեանքին։

***

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, մաղթելով աստուածահաճոյ ու հայրենաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Կ՚ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը, իրենց կը մաղթենք արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի սպաս իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտին։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՚ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, Հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Կ՚աղօթենք առ Աստուած, որ իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր ազգին զաւակները, որպէսզի կարենանք Յարուցեալ Փրկիչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգ հաւատքով ու կամքով դիմագրաւել մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց յարուցուած մարտահրաւէրները»։