Մայիս 31-ին, Մեքսիքոյի Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձին, հոգեւոր առաջնորդներու, Մեքսիքոյի Ծերակոյտի անդամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Հանդիսութեան ընթացքին ուղերձներով հանդէս եկած են դեսպանուհի Արմելլա Շաքարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ Մեքսիքոյի հոգեւոր առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ ծերակուտական Սեսիլիա Սանչես:
Ընդունելութեան աւարտին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուած են ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալած հայ համայնքի անդամները։