Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Լոնտոնի Հայկական ամառնային 13-րդ փառատօնը

Յուլիս 16-ին, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի Հայոց թեմական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած է Լոնտոնի հայկական ամառնային 13-րդ փառատօնը, մասնակցութեամբ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի։

Դեսպանը ելոյթ ունենալով ընդգծած է ձեռնարկին նշանակութիւնը, որ կը ներառէ Հայաստանի հարուստ պատմութիւնը, մշակոյթը եւ խոհանոցը։ Ան նաեւ շեշտած է բրիտանահայ համայնքի առանցքային դերը՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ, յայտնելով նաեւ իր յանձնառութիւնը զարգացնելու այդ կապերը։ 

Փառատօնին ներկայ եղած են Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, խորհրդարանի անդամներ եւ Լոնտոնի Իլինկ շրջանի քաղաքապետը: