ՄԻԵԱ-ի նախագահը դրական գնահատած է Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները

Սեպտեմբեր 29-ին, Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) նախագահ Մաթիաս Կիյոմարի հետ։

Փաշինեան բարձր գնահատած է եւրոպական համակարգին մէջ ՄԻԵԱի առանցքային դերը մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մէջ եւ ընդգծած է Հայաստանի անդամակցութեան կարեւորութիւնը Եւրոպայի խորհրդին ու ՄԻԵԱին, ինչ որ կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման հիմնասիւներէն մէկը։

Վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող դատաիրաւական բարեփոխումներու ընթացքը՝ ընդգծելով անոնց նպատակային ուղղութիւնը՝ արդարադատութեան համակարգի անկախութիւն, արդիւնաւէտութիւն եւ հաշուետուողականութեան բարձրացում։

Մաթիաս Կիյոմար դրական գնահատած է Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները եւ վստահութիւն յայտնած, որ անոնք կը նպաստեն մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման։ Ան վերահաստատած է ՄԻԵԱի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ։

Հանդիպման՝ կողմերը քննարկած են նաեւ ՄԻԵԱի նախադէպային իրաւունքի կիրարկման առնչուող հարցեր եւ անդրադարձած արդարադատութեան համակարգի կայացման ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն։