Ապահովել նա՛եւ բժշկական օգնութեան, ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող եւ անապաստան մնացած անձերու ազատ տեղաշարժը
Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) ուսումնասիրած է Հայաստանի ներկայացուցած` Ազերպայճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրարկելու պահանջը:
«Նշելով, որ այս պահուն վիճելի է “Բերձորի միջանցքի” նկատմամբ Ազերպայճանի վերահսկողութեան առկայութեան հարցը, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով Ազերպայճանի ստանձնած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, “երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով երկկողմ ուղղութեամբ տեղաշարժուող անձերու, երթեւեկութեան միջոցներու եւ բեռներու անվտանգութիւնը”, եւ յիշեցնելով Եւրոպական համաձայնագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Եւրոպական ատեանը որոշած է Ազերպայճանը պարտաւորել ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցներուն ապահովելու համար “Բերձորի միջանցք”-ով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճանապարհին անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող մարդոց անվտանգ տեղաշարժը:
Միաժամանակ, Եւրոպական ատեանը որոշած է առաջնահերթութիւն տալ Հայաստանի ներկայացուցած թիւ 4 գանգատին՝ Ատեանի կանոնակարգի 41-րդ օրէնքին համաձայն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան Դեկտեմբեր 15-ին, 16-ին, 20-ին և 21-ին միջանկեալ միջոց կիրարկելու պահանջ և լրացուցիչ տեղեկութիւն ներկայացուցած էր Եւրոպական ատեան՝ խնդրելով միջանկեալ միջոց կիրարկել Ազերպայճանի նկատմամբ “Բերձորի միջանցք”-ով անցնող ճանապարհի փակման հետեւանքով քաղաքացիներու իրաւունքներու խախտումները վերացնելու համար»,– նշուած է վերոնշեալ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: