Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) Ազերպայճանին պարտադրած է մինչեւ Նոյեմբեր 4 զեկոյց մը ներկայացնել Պաքուի մէջ պահուող 23 հայ պատանդներու բանտարկութեան պայմաններուն եւ առողջական վիճակին մասին։
ՄԻԵԱ—ի մէջ հայ բանտարկեալներու իրաւական ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն»-ին յայտնած է, որ հայ պատանդները գրեթէ երեք ամիսէ ի վեր լիակատար մեկուսացման մէջ կը պահուին։
“Ո՛չ մէկ անկախ միջազգային կազմակերպութեան այցելելու արտօնութիւն տրուած է։ Ներկայիս, որեւէ տեղեկութիւն չկայ իրենց բանտարկութեան պայմաններուն, առողջական վիճակին կամ հոգեկան կացութեան մասին”,– ըսած է Սահակեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։