Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԵԱ-ն ճանչցած է 2008-ի ընտրութիւններէն յետոյ Փաշինեանի իրաւունքներու խախտումը

Աւելի քան 11 տարի քննելէ ետք Հայաստանի դէմ ներկայացուած բողոքը՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) համարած է, որ խախտուած են Նիկոլ Փաշինեանի հիմնական երկու՝ ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղ հաւաքներ կազմակերպելու իրաւունքները։

ՄԻԵԱ-ն անցեալ շաբաթ հրապարակած վճիռով եզրակացուցած է, որ 2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններու ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է այն ժամանակ ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանի իրաւունքները։

Փաշինեան դրամական հատուցման պահանջ չէր ներկայացուցած։

ՄԻԵԱ-ի մէջ Փաշինեանի փաստաբան Լեւոն Գէորգեան մերժած է մեկնաբանել վճիռը՝ պատճառաբանելով որ՝ դատավարութեան ընթացքին ինք հրաժարած է գործէն։

Եւրոպական ատեանին մէջ բազմիցս դատեր պաշտպանած փորձառու փաստաբանուհի Լուսինէ Յակոբեան ըսած է, որ այս վերջին վճիռին մէջ եւս հեղինակաւոր դատարանը վերահաստատած է իր տեսակէտը թէ՝ շուրջ 14 տարի առաջ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ Մարտ 1-ին տեղի ունեցած հաւաքը խաղաղ էր, իսկ այն ժամանակուան նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի իշխանութեան կիրարկած միջոցները, ներառեալ ընդդիմադիրներու բանտարկութիւնները համեմատական չէին։

Նշենք, որ 2008 Մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ՄԻԵԱ-ի մէջ արդէն մէկ տասնեակէն աւելի վճիռներ կայացուած են ընդդէմ Հայաստանի։

Յիշեցնենք նաեւ որ 2008 Մարտ 1-ի դէպքերէն յետոյ, Նիկոլ Փաշինեան քանի մը ամիս հետախուզման մէջ մնալէ ետք՝ 2009-ին ինքնակամ ներկայացած էր ոստիկանութեան, ապա դատապարտուած էր զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով։ Բանտը աւելի քան մէկ տարի անցընելէ յետոյ, համաներումի ծիրին մէջ ազատ արձակուած էր։

 

Քոչարեանական եւ Սարգսեանական ճակատները կը մեղադրեն Հայաստանի իշխանութիւններու անգործութիւնը

Այս վճիռէն ետք, տուեալ ժամանակաշրջանի գլխաւոր դերակատարներու՝ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի ճակատները բուռն կերպով հակազդած են։ Անոնք կը պնդեն, թէ ՀՀ ներկայի իշխանութիւնները թէ՛ իրենց կառավարութիւնով, թէ՛ ալ ՄԻԵԱ-ի մէջ իրենց ներկայացուցիչներով դիտումնաւոր կերպով անգործութիւն ցուցաբերած են, որպէսզի վճիռը նպաստաւոր ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանին։ Ըստ հայաստանեան ընդդիմադիր մամուլին՝ Եւրոպական ատեանը դատին վերաբերեալ հարցումներ յղած է ՀՀ կառավարութեան, սակայն վերջինս այս դիմումին երբեք չէ ընդառաջած եւ ՄԻԵԱ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչներն ալ ոչ մէկ ջանք գործադրած են այդ դժկամութեան դէմ։