Մինաս Աւետիսեանի «Հանդիպում» եւ «Խաչքարի մօտ» որմնանկարները կառավարութեան վարչական շէնքի նիստերու դահլիճէն կը փոխադրուին Ջաջուռ գտնուող արուեստագէտին թանգարանը:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ որմնանկարներու տեղափոխման աշխատանքները սկսած են գարնան եւ այդ նպատակով մշակուած է յատուկ նախագիծ մը։
«Որմնանկարներուն՝ “Մինաս Աւետիսեան” թանգարան փոխադրութեան նպատակն է հանրութեան առիթ ընձեռել թանգարանային միջավայրի մէջ հեղինակին այլ ստեղծագործութիւններու կողքին տեսնել նաեւ այս որմնանկարները»,– յատկապէս նշուած է ԿԳՄՄ-ի հաղորդագրութեան մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։