Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մինսքի խումբը մահամերձ է

Լաւրով.– “ԱՄՆ ու Ֆրանսա պատրաստ չեն շարունակելու շփումները Ռուսաստանի հետ՝ Մինսքի խումբի ձեւաչափով”

Ապրիլ 8-ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը։  Յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ նախարար Լաւրով յայտարարած է, թէ ԱՄՆ ու Ֆրանսա պատրաստ չեն շարունակելու շփումները Ռուսաստանի հետ՝ Մինսքի խումբի ձեւաչափով։

“Ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան եւ ապագային, ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ խումբին ճակատագիրը, որովհետեւ այդ խումբին մէջ մեր ֆրանսացի եւ ամերիկացի այսպէս կոչուած գործընկերները, ռուսատեաց դրսեւորումներու ծիրին մէջ, չեղեալ յայտարարած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին ձեւաչափը, յայտարարելով որ՝ պատրաստ չեն մեզի հետ շփումները շարունակելու այդ ձեւաչափով: Այդ իրենց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերելու Ղարաբաղի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի իրավիճակի կարգաւորումը, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերելու այս պարագային հայկական կողմին շահերը, ապա այդ իրենց ընտրութիւնն է”,– նշած է Լաւրով, աւելցնելով թէ՝ ԱՄՆ ու Ֆրանսա այսպէսով ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլեւ բոլոր հակամարտութիւնները կը դարձնեն ռուսատեաց քաղաքականութեան պատանդներ։

“Մենք, ինչպէս միշտ, հաւատարիմ կը մնանք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ կ՚աջակցինք բոլոր ա՛յն համաձայնութիւններուն, որոնք գոյացած են եռակողմ ձևաչափով՝ Հայաստանի, Ազէրպայճանի ու Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ”,– եզրափակած է ռուս դիւանագէտը։

Միջազգային հանրութիւնը Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումը կը  տեսնէ Մինսքի խումբի ծիրին մէջ

Իր կարգին, ասուլիսի ընթացքին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, թէ միջազգային հանրութիւնը Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումը Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ կը տեսնէ։

“Ընթացիկ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը աշխարհի մէջ զգալիօրէն բարդացուցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին աշխատանքը, բայց ինծի արձագանգներ կը հասնին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներէն եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու առաջնորդներէն, որ միջազգային հանրութիւնը Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ կը տեսնէ, եւ ասիկա յոյս կը ներշնչէ, հակառակ անոր որ Ազէրպայճան կը յայտարարէ, թէ Մինսքի խումբին համանախագահութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, թէ՝ ան այլեւս ընելիք չունի, որովհետեւ այլեւս չկայ հակամարտութիւն, չկայ Լեռնային Ղարաբաղ անունով շրջան”,–ընդգծած է Միրզոյեան: