ԹԻՖԼԻՍ. (Առաջին շարք ձախէն աջ) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ, Ազերպայճանի վարչապետ Ալի Ասատով եւ Թուրքմենիստանի Արտաքին գործոց նախարար Ռաշիտ Մերետով կը լուսանկարուին խմբովին՝ Թիֆլիսի Մետաքսի համաժողովի բացման արարողութեան, 22 Հոկտեմբեր 2025-ին
Հարաւային Կովկասի երեք պետութիւնները՝ Վրաստան, Ազերպայճան ու Հայաստան, կ՚ողջունեն Միջին Միջանցքի ստեղծումը, որ Եւրոպան եւ Ասիան կապող փոխադրական յաւակնոտ ցանց մըն է։ Հոկտեմբեր 22-ին, Թիֆլիսի Մետաքսի ճամբայի 5-րդ Համաժողովի բացման նիստին ելոյթ ունենալով՝ անոնց ղեկավարները յայտնած են, որ նոր ուղիներու եւ կարելիութիւններու յառաջացումով այժմ կը նային Միջին Միջանցքէն անդին։
Բացման քննարկումը՝ տարածաշրջանային կառավարութիւններու ղեկավարներուն միջեւ բարձր մակարդակի զրոյց մը եղած է. մասնակցած են Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազերպայճանի վարչապետ Ալի Ասատովը։ “Այս գործընկերութիւնը զօրացնելու եւ պատմական առաքելութիւն մը հանդիսացող՝ Եւրոպան եւ Ասիան կապող նոր փոխադրական ցանցի մը ստեղծումը յառաջ տանելու մէջ, Վրաստան ու Ազերպայճան առաջատար դեր կը խաղան”,– ըսած է Քոպախիձէ։ Ան աւելցուցած է, որ իբրեւ տարածաշրջանի ամենամեծ առեւտրային կեդրոն, Վրաստանը առանցքային դեր կը կատարէ Միջին Միջանցքը ձեւաւորելու մէջ, որ Չինաստանը, Կեդրոնական Ասիան եւ Եւրոպան կապող ապահով, արդիւնաւէտ եւ վստահելի ուղի մըն է։
Տարածաշրջանային սահմաններէն անդին
“Վրաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գործընկերութիւնը յաջողութեան պատմութիւն մը դարձած է, որ կ՚երթայ տարածաշրջանային սահմաններէն անդին։ Անոնց համագործակցութիւնը կը խթանէ ոչ միայն տարածաշրջանային կայունութիւնը, այլեւ աւելի լայն ռազմավարական նպատակները”,– նշած է Քոպախիձէ՝ շարունակելով.“Պաքու–Թիֆլիս–Ճէյհան եւ այլ խողովակաշարային ծրագրեր հիմնուած են վստահելի ուժանիւթային գործընկերութեան վրայ”,– ըսած է ան, եզրակացնելով. “Համատեղ ենթակառուցային ծրագրերը, ներառեալ Ազերպայճանի եւ Վրաստանի նախաձեռնութեամբ կամուրջներու կառուցումը, աւելի կը զօրացնեն այս համագործակցութիւնը։ Մենք ներդրում կ՚ընենք խաղաղութեան, կայունութեան եւ Միջին Միջանցքի երկայնքին գտնուող բոլոր երկիրներու ընդհանուր բարգաւաճման մէջ”։ Անցնող երկու տարիներուն, միջանցքով բեռներու շրջանառութիւնը աճած է 90 տոկոս, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր կենսունակութիւնը։ Ուղին այժմ կը համարուի ամէնէն անվտանգ եւ արդիւնաւէտներէն մէկը՝ ապահովելով բեռներու սահուն եւ առանց ուշացման փոխադրումը։
Ազերպայճանի ընդարձակուող դերը
“Այս նուաճումը կը ցոլացնէ տարիներու բարեկամութիւնը եւ ռազմավարական համագործակցութիւնը”,– իր կարգին ըսած է Ազերպայճանի վարչապետ Ալի Ասատով՝ անդրադառնալով Միջին Միջանցքին։ “Ազերպայճան ու Վրաստան ապացուցած են, որ վստահելի գործընկերներ են տնտեսական, ուժանիւթային եւ փոխադրական ոլորտներուն մէջ։ Միջանցքը կը մնայ մեր օրակարգի առանցքային բաղադրիչը՝ նոր տնտեսական կարելիութիւններու եւ ներդրումներու լայն կարողականութիւն առաջարկելով”,– աւելցուցած է ան ու շարունակած, որ Միջին Միջանցքէն անդին, նոր ուղիներ կը յառաջանան, ներառեալ Ազերպայճանի մայրցամաքային մասը Նախիջեւանին կապող ուղին։ “Այս ճամբուն ստեղծումն ու բացումը նոր այլընտրանքներ պիտի ներկայացնէ եւ կը զօրացնէ տարածաշրջանային տարանցման կապերը։ Մենք պէտք է շարունակենք աւելի շատ ապրանք արտադրել ու ծառայութիւն առաջարկել՝ առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար”,– ըսած է ան։
Խաղաղութեան հաստատումը եւ կարելիութիւնները
“Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութիւնը պատմական կարելիութիւն մըն է”,– ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ “Ինչպէս քննարկեցի նախագահ Ալիեւի հետ, կայ անտեսանելի գործօն մը, որ այս խաղաղութիւնը կարելի դարձուց՝ մեր տարածաշրջանին համար աւելի լայն, ընդհանուր տեսլական մը կառուցելու պատրաստակամութիւնը։ Հակառակ անցեալի հակամարտութեան եւ թշնամութեան, Ազերպայճանի եւ Վրաստանի միջեւ սերտ ու բարեկամական յարաբերութիւնները յոյս ներշնչող օրինակ եւ մղում կը ծառայեն հաշտութիւնը յառաջ տանելու համար”։
Համաժողովի գլխաւոր կէտերը
Վարչապետ Քոպախիձէի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած երկօրեայ համաժողովը ի մի կը բերէր բարձրաստիճան քաղաքական ղեկավարներ, գործարարներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Քննարկումները կեդրոնացած էին թուային տնտեսութեան, ենթակառոյցներու զարգացման եւ ներդրումային գործընկերութիւններու մէջ ստեղծուած կարելիութիւններուն վրայ։ Վրաստանի Տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Մարիամ Քվրիշվիլի իր բացման խօսքին մէջ, Հոկտեմբեր 21-ին, նշած է, որ ձեռնարկը կը հիւրընկալէ աւելի քան 2.200 պատուիրակներ 70 երկիրներէ։
Զուգահեռ նիստերը կեդրոնացած են տարածաշրջանային առանցքային ենթակառուցային ծրագրերուն վրայ, որոնք վճռորոշ նշանակութիւն ունին կապերը զօրացնելու տեսանկիւնէն։ “Վրաստանի պատմական առաքելութիւնն է՝ Միջին Միջանցքը գործածական դարձնել, որպէսզի ծառայէ իբրեւ փոխադրութեան օղակ եւ տարածաշրջանային հանգոյց՝ միացնելով Կեդրոնական Ասիան ու Չինաստանը Եւրոպային”,– ըսած է վրացի լրագրող եւ տնտեսական փորձագէտ Նինի Նիքոլէիշվիլի։ “Այս ուղիները կը շրջանցեն Ռուսաստանը եւ Վրաստանի համար անոնք կենսական նշանակութիւն ունին տնտեսութեան եւ ապագային համար”,– դիտել տուած է ան։
Թուային փոխակերպում եւ FinTech
Կողմնակի ձեռնարկներու եւ ցանցային նիստերու շարք մը լուսարձակի տակ առած է առցանց ընկերութիւնները (start-up), ռիսքային դրամագլուխները եւ թուային կառավարումը՝ առաջարկելով կառավարութիւններուն եւ մասնաւոր դերակատարներուն հարթակ մը՝ նոր գործընկերութիւններ հաստատելու համար։ «Տնտեսութիւնները միացնելով, կայուն ապագայ կառուցելով» խորագրին ներքեւ տեղի ունեցած կլոր—սեղանը նուիրուած է դրամական արհեստագիտութեան (FinTech), Արհեստական բանականութեամբ (ԱԲ) առաջնորդուող նորարարութեան, թուային առեւտրային միջանցքներուն եւ կանաչ դրամագլուխին՝ ընդգծելով, թէ նոր արհեստագիտութիւնները ինչպէ՛ս կը վերափոխեն տարածաշրջանային համագործակցութիւնը պատմական Մետաքսի ճամբայի երկայնքին։
Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ Վրաստանի ռազմավարական դիրքը եւ անոր աճող FinTech համակարգը հանդիսացած են քննարկուած գլխաւոր նիւթերէն, մինչ պատուիրակները ուսումնասիրած են տարածաշրջանային դրամական համարկումը խորացնելու եւ թուային փոխակերպումը յառաջ մղելու միջոցները։
Թիֆլիսի Մետաքսի ճամբայի Համաժողովը, որ սկսած է 2015-ին եւ տեղի կ‘ունենայ երկու տարին անգամ մը, դարձած է առեւտուրի, արհեստագիտութեան եւ կայուն զարգացման շուրջ երկխօսութեան առաջատար միջազգային հարթակ մը։ Անցեալ տասնամեակին, ան ամրապնդած է Վրաստանի դերը՝ որպէս տարածաշրջաններ եւ գաղափարներ իրարու կապող օղակ, զօրացնելով երկրին դիրքը որպէս առանցքային կեդրոն՝ զարգացող համաշխարհային փոխադրական եւ թուային համայնապատկերին մէջ։
Քաղուած՝ «Kuweit Times»-էն (անգլերէն)