Միրզոյեան. «Յոյս ունիմ՝ յառաջիկային գերիներուն վերաբերեալ լաւ նորութիւններ կ՚ունենանք»

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին նախաստորագրումէն ետք՝ մնացած չլուծուած հարցերէն առաջնայինը Պաքուի մէջ պատանդ պահուող հայերու ազատ արձակումն է։Յոյս ունիմ՝ յառաջիկային գերիներուն վերաբերեալ լաւ նորութիւններ կ՚ունենանք,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հարցը քննարկած է ազերպայճանցի իր պաշտօնակիցներուն հետ՝ նոյնիսկ Շարմ էլՇէյխի վեհաժողովի շրջանակին մէջ։Մենք ամէնօրեայ աշխատանք կը տանինք այս ուղղութեամբ”,– հաւաստած է նախարարը։