Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրման 325-ամեակին առթիւ Սեպտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած է «Միասին» համահայկական կազմակերպութեան նախաձեռնած «Հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը եւրոպական տաճարներու մէջ» խորագրով նոր մշակութային ծրագիրը:
Ներկայ եղած են Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայր Լեւոն արք. Զէքիեան, միաբանութեան հոգեւոր հայրերը, հայ եւ իտալացի ուխտաւորներ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն։
Արժանթինաբնակ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեան, Զոյա Թուխմանովա Կարապետեանի երգեհոնի ուղեկցութեամբ, դուդուկով հանդիսատեսին ներկայացուցած է Կոմիտասի եւ Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Մխիթար Այրիվանեցիի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ եեւրոպական հոգեւոր երաժշտութիւն՝ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան:
«Միասին» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Գէորգ Չիչեան շնորհաւորելով Մխիթարեան Միաբանութիւնը հիմնադրման 325-ամեակին առիթով, ընդգծած է կարեւորութիւնը՝ ամբողջ երեք դար անխոնջ կերպով հայ հոգեւոր մշակոյթը պահպանելու, զարգացնելու եւ համաշխարհային գիտական մտքին ներկայացնելու Միաբանութեան առաքելութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնած է համագործակցութեան իրենց առաջարկին գրկաբաց ընդունման, ջերմ հիւրընկալութեան, համերգի կազմակերպման եւ միջմշակութային երկխօսութեան խրախուսման համար։
Չիչեան գնահատական խօսք արտասանած է նաեւ ծրագրի նախաձեռնողներուն՝ երաժիշտ, մշակութային—հասարակական գործիչ Գագիկ Գասպարեանին եւ Անթոնիօ Սարաֆեանին՝ տարիներէ ի վեր հայկական մշակոյթը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ արժանապատւօրէն ներկայացնելնուն եւ տարածելնուն համար։
Հայր Լեւոն արք. Զէքիեան ալ իր գոհունակութիւնը յայտնած է Գագիկ Գասպարեանին, «Միասին»-ին եւ շեշտը դնելով նման միջոցառումներու կարեւորութեան վրայ յոյս յայտնած է, որ դուդուկի հոգեթով մեղեդիները օր մը անպայման եկեղեցիներու մէջ Սուրբ պատարագի անբաժան մասը դառնան։
Երեկոյթի աւարտին՝ Մխիթարեան Միաբանութեան յուշամետալով պարգեւատրուած են Գագիկ Գասպարեան եւ Գէորգ Չիչեան։ «Միասին» կազմակերպութիւնն ալ շնորհակալագրեր եւ յուշանուէրներ յանձնած է Մխիթարեան Միաբանութեան, Մայրավանքի վանահայր Գէորգ վարդապետ Սարգսեանին եւ Զոյա Թուխմանովա Կարապետեանին, իսկ Գագիկ Գասպարեան խորհրդանշաբար դուդուկ նուիրած է Մխիթարեան Միաբանութեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։