ԿԱԹԻԼ խումբը առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Փարիզեան շրջանին մէջ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17-ին, Մոնթրէօյի «Լա Մարպրըրի» սրահէն ներս։
Ֆրանսահայ Երիտասարդութեան (JAF) Փարիզի մասնաճիւղի կազմակերպած այս ձեռնարկը, որ մաս կը կազմէր JAF-ի 80-ամեակի նշումներու շարքին, թոյլ տուաւ շուրջ 300 հայերու (երիտասարդ եւ նուազ երիտասարդ) հաւաքուիլ եւ ուրախ երեկոյթ մը ապրիլ։ Սա նաեւ առիթ մըն էր ներկայ ոչ—հայերուն համար՝ հայկական մշակոյթը բացայայտելու՝ շնորհիւ Հայաստանէն եկած այս խումբին, որ կատարեալ համադրութիւն մը կը հրամցնէ հայկական աւանդական երաժշտութեան եւ աւելի ժամանակակից հակումներու, ինչպէս՝ ռոք ու փոփ։ Դուդուկ, զուռնայ, բլուլ, ելեկտրական կիթառներ եւ թմբուկներ … մէկ խօսքով ինչ որ հարկ է սրահը խանդավառելու համար:
Հայկական երաժշտութիւնը բոլորին յարմարցնելու իրենց ունակութեան զուգահեռ՝ ԿԱԹԻԼ—ի երաժիշտները յաջողեցան սերտ փոխազդեցութիւն հաստատել հանդիսատեսին հետ, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ երաժիշտները չեն կրնար նուագել առանց պարողներուն, ճիշդ այնպէս ինչպէս պարողները պիտի չկարենային պարել առանց երաժշտութեան։ Ուրեմն, այս մտերմիկ մթնոլորտին մէջ ընթացաւ երեկոյթը՝ ներկաները փոխադրելով Իրանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ շատ մը հայկական այլ շրջաններ։ Պարողները դադարի պահ մը ունեցան միայն «Կ՚ուզիմ» երգի ընթացքին, որ հմայիչ մթնոլորտ մը ստեղծեց՝ ամէն ինչ կասեցնելով, ներառեալ ժամանակը։
Համերգի աւարտին, հանդիսատեսը դժկամութեամբ մեկնեցաւ սրահէն՝ լաւ մը մաշեցնելէ ետք իր կօշիկները պարի հարթակին վրայ եւ լեցնելէ ետք իր սիրտը հայկական շունչով … մինչ երաժիշտները ճամբայ կ՚իյնային դէպի Ժընեւ՝ իրենց տաղանդը բաժնելու Զուիցերիոյ հայութեան հետ։
ՄԵԼԻՆԷ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։