ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ – Կրետէ կղզիի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ բացումը կատարուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հայկական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսին

Սեպտեմբեր 4-ին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Կրետէ կղզիի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ բակին մէջ բացումը կատարուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հայկական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսին։

Բացման արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչ Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ, Յունաստանի խորհրդարանի, Կրետէ կղզիի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, լրասփիւռներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Դեսպան Մկրտչեան ներկայացուցած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի նկարահանած լուսանկարներու ցուցահանդէսին նախապատմութիւնը, որ 500-է աւելի լուսանկարներով, ընդարձակ նկարագրութեամբ եւ բազմալեզու հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Երեւան, երկու հատորով, իսկ 2023-ին առաջին անգամ 50 ընտրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսով ներկայացուած է Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ, Աթէնքի մէջ։

Դեսպանը նշած է, թէ յառաջիկայ օրերուն Կրետէի հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենան շարք մը կարեւոր միջոցառումներ, յատկապէս Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի սուրբ մասունքներուն զետեղման արարողութիւնը։ Այցելուները առիթ կ՚ունենան միեւնոյն ատեն ծանօթանալու նաեւ հայկական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային հարուստ եւ բացառիկ ժառանգութեան։

Բացման պաշտօնական արարողութեան յաջորդած է հայկական ազգային տարազներով տիկնիկներու ցուցահանդէսին բացումը, զոր ներկայացուցած Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան։