Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Յունաստանի ԱԳՆ-ն վրդովուած է Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի կայսերական դարպասներու հանդէպ վանդալական արարքներէն

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր «զզուանքն ու տխրութիւնը» յայտնած է Պոլսոյ մէջ Սուրբ Սոֆիայի կայսերական դարպասներու դէմ վանդալական արարքներէն։

«Մենք իրաւասու մարմիններուն կոչ կ՚ընենք յանցաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ յուշարձանին հասցուած վնասները անյապաղ վերացնելու համար»,– նշուած է նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։ 

Նախապէս Թուիթըրի իր էջով՝ Թուրքիոյ Արուեստներու պատմութեան միութիւնը հրապարակած էր 15-րդ դարու դռան վնասուած լուսանկարը։

«Կայսերական դարպասներ» կոչուածը Բիւզանդական կայսրութեան ամէնէն կարեւոր եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքն է, որ ի սկզբանէ օգտագործուած է բացառապէս կայսեր կողմէ: