Թուրքիոյ կազմակերպած Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով դարձեալ պնդեց երկու նախապայմաններու վրայ՝ Հայաստանի հետ Խաղաղութեան դաշինքի ստորագրմանան համար։ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն եւ Մինսքի խումբի լուծում։ “Այս երկու պայմաններու կատարուելէն ետք, խաղաղութեան դաշնագրի ստորագրման համար արգելք պիտի չմնայ” յայտարարած էր Ալիեւ Ապրիլ 2-ին Գերմանիոյ նախագահ Հանց-Վալթեր Սթայնմայերի հետ մամուլի ասուլիսի ընթացքին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանելով՝ յայտնեց, թէ Հայաստան եւս Ազերպայճանի սահմանադրութեան մէջ իր հանդէպ հողային պահանջներ կը տեսնէ, սակայն, անոնց ջնջումը որպէս նախապայման չ՚առաջադրեր խաղաղութեան դաշինքի ստորագրման։ Ազերական կողմը անդրդուելի կը մնայ. նպատակը Հայաստանի սահմանադրութիւնը չէ, այլ Արցախի գոյութեան մասին որեւէ նշումի չքացումը։
Հռոմի Գրիգորեան կաթողիկէ համալսարանի մէջ «Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիտաժողովի գլխաւոր նպատակը եւս Արցախի մէջ հայութեան գոյութեան ժխտումն է, պատմութեան խեղաթիւրումով, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան ձեւազեղծումով, ոչնչացումով, բնիկ ժողովուրդին տեղահանութեան անտեսումով, զանցառումով։
Այս երեւոյթներու զուգահեռականութիւնը ցոյց կու տայ ազերական կողմին հետեւողական կանխամտածուած քաղաքականութիւնը՝ հայկական ներկայութեան ու պատմական հետքերու ջնջումին, հայ ժողովուրդին՝ իրաց նոր դրութեան մը պարտադրման, ուր անդառնալիօրէն օրէնսդրութեամբ ամրագրուած ըլլայ անկարելիութիւնը անոր վերադարձի որեւէ նախաձեռնութեան կամ քայլի։
Այս ռազմավարութիւնը նոր չէ, Թուրքիա եւս որդեգրած է։ Վերջերս ԱՄՆ-ու մէջ NAASR Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնի կողմէ Monuments and Identities in the Caucasus, Karabakh, Nakhichevan and Azerbaijan in Contemporary Geopolitical Conflict հատորի քննարկման ընթացքին, փրոֆ. Սեպուհ Ասլանեան անդրադարձաւ թրքական պատմագրութեան մէջ տեղ գտած խեղաթիւրումներու, երեւոյթ մը որ 1918-ին արդէն իր ծիլերը արձակած էր թուրք պատմաբան Ռեզա Նուրի «Ermeni Tarihi» (Հայոց պատմութիւն) գործով, ուր հայկական բարձրաւանդակին մէջ թրքական ներկայութեան կը վերագրուէր 4000-ամեայ անցեալ, մինչ հայերը կը ներկայանան իբրեւ եկուորներ… տեսութիւն մը որ հետագային Ազերիները շարունակած են, ինչպէս՝ Ֆարիտա Մամետովա, Զիա Պունեաթով…
Ուրեմն, բնաւ զարմանալի չէ որ Ալիեւ որդեգրէ պատմութեան խեղաթիւրման ռազմավարութիւնը, զայն քաղաքական գործիքի վերածելով, ամրապնդելու համար իր իշխանութիւնը, պարտադրելու պատմութեան վերընթերցումը, ուժի, սպառնալիքի, կաշառքի, բռնութեան միջոցներ գործածելով, մինչեւ Վատիկանի վաստակաւոր կաթողիկէ Գրիգորեան համալսարանը։ Մէկ խօսքով որքան սուտը մեծ ըլլայ՝ այնքան աւելի հեշտ է զայն հաւատացնելը, ուժի գործադրութեամբ։
Նոյն տրամաբանութեան մէջ պէտք է դիտել Արցախի իշխանաւորներու դատումը, Ապրիլ 13-ին Ազերպայճանի կողմէ գնդակոծումը Սիւնիքի Խնածախ գիւղի Մշակոյթի տան, հայկական բանակին վերագրուող հրաձգութեան կեղծ ամբաստանութիւնները, եւրոպացի դէտերու միջնորդական առաքելութեան հետ գործակցութեան մերժումը… տնտեսական հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մերժումը։ Մէկ կողմէ խաղաղութեան դաշինք կնքելու բանակցութիւններ վարել, միւս կողմէ սահմանային լարում ստեղծել… սա ցոյց կու տայ Ազերպայճանի մարտավարութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակը՝ ապակայունացնել Հայաստանի ներքին քաղաքական վիճակը, յուսալով որ պատեհ առիթը կը ստեղծուի, նոր յարձակում մը գործելու եւ Սիւնիքի միջանցքը ուժի գործադրութեամբ բանալու։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։