«Ազերպայճանցիները չհասկացան, որ այս շրջափակումը մեզ համախմբում է եւ մենք աւելի ուժեղ ենք դառնում»
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցություններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ, Դեկտեմբեր 18-ին այցելած է Մարտունի, ուր Արցախի հերոս Արթուր Աղասեանի անունով մկրտուած մշակոյթի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է բնակչութեան հետ:
Նախարարը կարեւոր նկատած է Արցախի համար բարդ ու ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ բնակչութեան հետ հաղորդակցիլը՝ ընդգծելով, որ դժուարութիւնները յաղթահարելու միակ տարբերակը համախմբուիլն է: Այդ գիտակցութեամբ ալ նախաձեռնուած են այս հանդիպումները՝ ժողովուրդին հաղորդելու Արցախի կառավարութեան եւ խորհրդարանի միակամութիւնը:
Պետական նախարարը եւ երեսփոխանները ունկնդրած են բնակիչներու մտահոգութիւնները, պատասխանած անոնց բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Արցախի անվտանգութեան, Ազերպայճանի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, եւ դժուարութիւններու յաղթահարման ուղիներուն: “Նրանք չհասկացան, որ այս շրջափակումը մեզ համախմբում է, եւ մենք աւելի ուժեղ ենք դառնում։ Իրենք հիմա են միայն հասկանում, որ մեզ ուժ տուեցին։ Այս շրջափակման հետեւանքով մենք հասկացանք, թէ ինչքան կարեւոր է, որ կողք-կողքի լինենք։ Կան ծրագրուած անելիքներ, գործը կատարւում է, ընդ որում՝ թէ՛ երեւացող, թէ՛ չերեւացող քայլերով”,– ընդգծած է Վարդանեան։
Ան նշած է, որ շրջափակման հետեւանքով յառաջացած խնդիրները կարելի է յաղթահարել մի՛այն կազմակերպուածութեամբ եւ կարգապահութեամբ՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը, եւ անձամբ ինք, ամէն ինչ պիտի ընեն թափանցիկ աշխատելով՝ ժողովուրդի հաւատքն ու վստահութիւնը վերականգնելու համար:
Հանդիպման մասնակից Մարտունիի բնակիչները նոյնպէս վստահեցուցած են, որ պիտի չընկրկին դժուարութիւններու առջեւ եւ պատրաստ են իրենց կարելին ընելու՝ դիմակայելու հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: