«Արմէնփրէս» պետական լրատու գործակալութեան տնօրէնուհի նշանակուած է Նարինէ Նազարեան:
Ան մասնագիտութեամբ հոգեբան է. լրատւութեան մարզին մէջ աւելի քան 18 տարուան փորձառութիւն ունի։ 17 տարի աշխատած է «Արմէնփրէս»-ի մէջ՝ եօթը տարի վարելով ընկերութեան տնօրէնի տեղակալի, իսկ 2011-2021 թուականներուն՝ լրասփիւռի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
Նարինէ Նազարեան «Արմէնփրէս»-ի 103-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին կին ղեկավարն է: