Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ներկայի ՀՀ իշխանութիւնը բարոյական իրաւունք չունի ընդունելու Թուրքիոյ բոլոր նախապայմանները՝ առանց Սփիւռքի և իր իսկ ժողովուրդին կարծիքը հարցնելու»

Ֆրանսահայ և ֆրանսացի գործիչներու, ինչպէս նաեւ շարք մը հայաստանցի մտաւորականներու յայտարարութիւնը

Ֆրանսահայ, ֆրանսացի և հայաստանցի շարք մը մտաւորականներ, գործիչներ ստորեւ տրուած յայտարարութիւնը հրապարակած են՝ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու հեռանկարին, Հայ դատէն հրաժարելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ.-

«Մենք՝ ըլլալով ֆրանսահայ, հայաստանցի կամ  Հայ դատի բարեկամ, 2020 թուականին տագնապով կը հետևէինք Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազէրպայճանի սանձազերծած պատերազմին, որ տեղի ունեցաւ Արևմուտքի անտարբեր հայեացքին առջեւ։

Այսօր մենք բացայայտօրէն ականատես ենք Արևմուտքի ժողովրդավարութիւններու վախկոտ հակազդեցութեան, որ անկարող եղաւ ինքնորոշուած ազգի մը ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու և Պաքուի բռնապետի բազմաքանակ ու գերզինուած բանակին յարձակումը կասեցնելու։ Ան անկարող գտնուեցաւ նաև արգիլելու իր դաշնակցին՝ Թուրքիոյ՝ հազարաւոր ճիհատականներ վարձելը ու յարձակումին մասնակցիլը՝ ՕԹԱՆ-ի արհեստագիտութեան օգտագործումով ու թրքական բարձրագոյն հրամանտարութեան օգնութեամբ։ 

Մենք խորապէս կ՚ափսոսանք, որ Ֆրանսան չվաւերացուց Ազգային ժողովին ու Ծերակոյտին որոշումները ու չճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, որ պիտի հանդիսանար Արցախահայութեան գոյատևման առաջին միջազգային իրաւունքը։ Այսօր, Ռուսաստանը միակ պետութիւնն է, որ եռակողմ համաձայնութեան շրջանակին մէջ, կ՚ապահովէ Արցախի և իր բնակչութեան անվտանգութիւնը, ինչպէս նաև հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումը՝ ազատ մնացած տարածքներուն մէջ։

Մենք տագնապահար ենք նաև Հայաստանի քաղաքական իրավիճակով։ Նոյեմբեր 9-էն  ի վեր, Ազէրպայճան թէժ ճակատամարտը փոխարինած է մաշեցնող պատերազմով՝ խաղաղ բնակիչներ կամ հայ զինուորներ սպանելով, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն հատուածներ բռնագրաւելով եւ ռազմագերիները սակարկութեան առարկայ դարձնելով։

Պաքուի բռնապետին ու Թուրքերուն նպատակն է՝ առերևոյթ խաղաղութեան քօղին տակ ձեռք ձգել այն ինչ որ պատերազմով կարելի չեղաւ, որպէսզի Հայաստան հրաժարի Արցախէն, իր հարաւային ինքնիշխան տարածքէն և ցեղասպանութեան պահանջատիրութենէն։ Անոնց նպատակը պարզապէս ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները՝ «ազէրպայճանական Արցախի» մասին, և այն ստայօդ պնդումը, թէ «Հայ դատը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը չէ եղած», կ՚ապացուցեն, որ Պաքու և Անգարա կը մօտենան իրենց նպատակին։ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքի վերացումը, ընդդիմադիր գործիչները բանտարկելը կը յանգեցնեն մէկ բանի․ դրացի բռնապետերուն զիջելով՝ Հայաստան ինքզինք կը դնէ անոնց նմանելու վտանգին տակ։

Մեկնելով այս չափազանց վտանգաւոր իրավիճակէն՝ մենք կը բարձրաձայնենք, որ Հայաստան այն քիչ երկիրներէն է, որուն ճակատագիրը միայն իր ձեռքը չէ։ Պատմութիւնը մեզի պարտադրած է, որ Սփիւռքով ան դուրս կու գայ իր սահմաններէն։ Հայաստանի վարչապետը, կամ ոևէ մէկը ընդհանրապէս, իրաւունք չունի որոշելու Արցախի քաղաքական պատկանելութիւնը․ այդ իրաւունքը կը պատկանի մի՛այն Արցախահայութեան։ Այդ իրաւունքը արտացոլուած է Արցախի Ազգային ժողովի՝ «Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգների ու մարտահրաւէրիների վերաբերեալ» յայտարարութեան մէջ։

Ո՛չ Նիկոլ Փաշինեանը, ո՛չ ալ ոևէ մէկը իրաւունք ունի Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը անտեսելու և կասկածի տակ դնելու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անոր այժմէականութիւնը։ Թուրքիա այսօր ալ յամառօրէն հաւատարիմ է այդ ոճիրին ժառանգութեան։ Պատմաբանները, որոնց կ՚ակնարկէ, շատոնց որոշած են, որ Թուրքիա պէտք է պատասխանատւութիւն կրէ Մեծ եղեռնի հետևանքներուն համար և բարոյապէս ու նիւթապէս պէտք է հատուցանէ հայ ժողովուրդը։

Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւունքի կողմէ ձևակերպում ստացած ոճիր է մարդկութեան դէմ և բոլորիս կը վերաբերի ու նաև բոլորիս առջեւ պարտադրութիւններ կը դնէ։ Ան ո՛չ մէկ պարագայի կրնայ յանձնուիլ փորձագէտներու յանձնախումբի դատին, զոհաբերուիլ ձևական հաշտեցման խորանին կամ ջնջուիլ մի՛այն Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումներու տակ։

Մա՛նաւանդ, որ Հայաստանի կողմէ Արցախէն հրաժարիլը կը յանգեցնէ Ազէրպայճանի կողմէ նոր ցեղասպանութեան, որու մասին կը վկայէ Պաքուի միջոցով Արցախի տարածքին իրագործուող ցեղային բնաջնջումը։ Արցախի դէմ իրագործուող ոճիրները հետեւանք են Արցախի՝ չճանչցուած ըլլալուն։ Ան պարզապէս Հայութեան ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է։

Մենք գիտենք, որ Հայերը չափազանց մեծ գին վճարած են այս պատերազմին, ինչպէս նաև ա՛յն պատերազմական վիճակներուն համար, զորս իրենց պարտադրած են Ազէրպայճանցիները՝ թշնամական քաղաքականութեամբ։

Մենք ցաւով ու յարգանքով կ՚ըմբռնենք այն անսահման ծանր զոհողութիւնները, որոնք պարտադրուած են հայ ժողովուրդին, կը հասկնանք անոր վիշտը և թևաթափ ըլլալը։ Բայց գիտենք նաև, որ անոր կողմէ որեւէ թուլութիւն Հայոց պետականութիւնը վտանգի տակ կը դնէ։

Մենք գիտենք եւ հայ ժողովուրդը մեզմէ աւելի լաւ կը գիտակցի։ Այդ իսկ պատճառով, մենք վստահ ենք, որ ան ի զօրու է մերժելու այս կործանարար դիրքորոշումը և կերտելու իր ազգային ապագան։ Խօսքը կը վերաբերի տարածաշրջանի անվտանգութեան, որ չի կրնար իշխանութեան մը մենաշնորհը հանդիսանալ, որովհետև ազգի մը համար ճակատագրական որոշումները տեսանելի հորիզոնէն աւելի անդին են, քան կարճատես իշխանութիւններու քայլերը։

Արցախի հարցը, կազմելով Հայութեան դատի անբաժան մէկ մասը, պարտաւորեցնող է՝ անկախ անկէ, թէ ի՛նչ կը մտածեն ու կ՚արտայայտեն այդ պահու իշխանութիւնները։

Հայ դատը արհեստականօրէն կտրել Հայաստանէն և զայն վերագրել միայն Սփիւռքին,– ինչպէս կ՚ընէ ՀՀ վարչապետը,– իրականութեան մէջ կը նշանակէ ծառայել թրքական շահերուն։

Ներկայի իշխանութիւնը բարոյական իրաւունք չունի ընդունելու Թուրքիոյ բոլոր նախապայմանները՝ առանց հարցնելու Սփիւռքի և  իր իսկ ժողովուրդին կարծիքը։

Այսպէսով մենք  սթափելու կոչ կ՚ընենք բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին գործել ի շահ Հայաստանի, քանի որ ան կը պարտաւորեցնէ բոլորս ՝ Արցախը պիտի մնա՛յ հայկական, և Հայկական հարցը ծագած է, որպէսզի Հայաստանը ապրի և արարէ։

Լօռան  Լէյլէքեան՝ «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի քարտուղար, 

Իրինա Յովսէփեան՝ ENA-ի շրջանաւարտ, վերլուծաբան,

Հիլտա Չոպոյեան՝ «Կովկաս» կեդրոնի նախագահուհի, 

Ֆրանսուա Ռոշըպլուան՝ Խորհրդարանի պատուոյ անդամ, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի նախկին նախագահ, Արցախի ֆրանսախօսութեան նախագահ, 

Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեան՝ ընկերաբանութեան և արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր, 

Հերվէ Ժորժըլէն՝ Աթէնքի համալսարանի գիտաշխատող, դասախօս, 

Տիգրան Եկաւեան՝ լրագրող, 

Պելլա Շահնազարեան՝ Փարիզի Թումօ կեդրոնի ծրագրի ղեկավար, 

Ռոզ-Մարի Ֆրէնկիւլեան-Լը Փրիոլ՝ փաստաբան, 

Ալեքսի Գրիգորեան՝ մարդկային իրաւանց և մարդաբանութեան մասնագէտ, Սարգիս Շահինեան՝ Զուիցերիա-Հայաստան կազմակերպութեան պատուոյ նախագահ, 

Թալին Տէր-Մինասեան՝ պատմաբան, INALCO-ի դասախօս, 

Լուսինէ Ասլանեան՝ դաշնակահար, 

Նինա Առաքելեան-Լապուրէ՝ բժիշկ-արիւնաբան, 

Զաւիէ Շուքուրեան՝ իրաւաբան»։