Նիկոլ Փաշինեան կ՚ընդունի Էլիսըն Հուքըրը
Նոյեմբեր 19-ին, կառավարութեան նիստէն ետք, Փաշինեան լրագրողներուն հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին պատասխանած է Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագրին մասին հարցումի մը։ Ան ըսած է, թէ Երեւանի մէջ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլիսըն Հուքըրի հետ ունեցած հանդիպումին խնդրած է տեղեկութիւն տալ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէն ի՞նչ ջանքեր կը գործադրուին հայ գերիներու վերադարձին ուղղութեամբ։
“Հանդիպման ընթացքին ես յատուկ անդրադարձ կատարեցի այդ հարցին՝ արձանագրելով, որ նախագահ Թրամփ, նա՛եւ՝ հրապարակաւ, խօսած է այդ հարցով զբաղելու իր յանձնառութեան մասին։ Եւ ես ներկայացուցի, թէ մենք երկկողմանի մակարդակի վրայ ի՛նչ կ՚ընենք այդ խնդրին հետ կապուած։ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալէն խնդրեցի տեղեկութիւն տալ, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէն ի՛նչ ջանքեր կը գործադրուին այդ ուղղութեամբ։ Խնդրեցի շարունակել այդ հարցը պահել ուշադրութեան կեդրոնին”,– ըսած է վարչապետը։
Արդարեւ, Օգոստոս 10-ին վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումին՝ նախագահ Թրամփ յայտարարած էր, որ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ազերպայճանական բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներու ազատ արձակման հարցով։
“Դուք 23 քրիստոնեաներո՞ւն մասին կը խօսիք։ Ես պատրաստ եմ խնդրելու իրմէ (նկատի ունի Ազերպայճանի նախագահը), որ ան տնօրինէ պատշաճը։ Կը կարծեմ, որ անոնք այդ կ՚ընե՛ն ինծի համար։ Սա կարեւոր է, այդպէս չէ՞”,– ըսած էր Թրամփ։