Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է երգահան-խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 4-ին հիւրընկալած է երգահան-խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը:

Վարչապետը հետաքրքրուած է երաժիշտին ընթացիկ գործունէութեամբ եւ յոյս յայտնած որ ան կը շարունակէ նոր հեղինակային ստեղծագործութիւններով հարստացնել հայ երաժշտարուեստը:

Հանդիպումին քննարկուած են Ճգնաւորեանի նոր ստեղծագործութիւնները հայրենիքի մէջ ներկայացնելու կարելիութիւններն ու հեռանկարները:

Նշենք, թէ իրանահայ խմբավարը 2019 թուականին Իրանի կողմէ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան նշանակուեցաւ։