Լոս Անճըլըսի քաղաքապետի միջազգային հարցերու առաջին տեղակալ Նինա Խաչիկեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան Քաղաքական խորհուրդի անդամ։ Լուրը հաղորդած է Ամերիկայի Հայկական համագումարը (ԱՀՀ)։
Դիւանագէտ և քաղաքական գործիչ Խաչիկեան նախապէս եղած է Հարաւարևելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան (ASEAN) մէջ ԱՄՆ–ու դեսպանը, իր ծառայութեան համար արժանանալով Պետական բաժանմունքի պատուոյ բարձրագոյն մրցանակին։ Ան 2012-ի նախագահական ընտրարշաւին Պարաք Օպամայի խումբին մէջ Ասիական քաղաքականութեան հարցերու համատնօրէնն էր, 1998-99 թուականներուն՝ Պիլ Գլինթընի նախագահութեան օրօք մաս կը կազմէր Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին։ Խաչիկեան նաեւ աշխատած է հետազօտական կեդրոններու մէջ եւ հեղինակ է գիրքերու, զեկոյցներու և յօդուածներու։
«Նկատի առնելով դեսպանի տասնամեակներու փորձառութիւնը և խոր գիտելիքները՝ կասկած չունինք, որ ան գերազանց պիտի կատարէ իր ծառայութիւնը»,– յայտնած է ԱՀՀ համանախագահ Վան Գրիգորեան։