Նիւ Եորք կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս Առաջինի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները։
Կողմերը շեշտած են համամարդկային նշանակութիւն ունեցող մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։
Նախագահ Խաչատուրեան ունեցած է ուրիշ շարք մը հանդիպումներ, ինչպէս՝ Իրաքի նախագահին հետ, բայց անոր տեսակցութիւնները գլխաւորաբար կեդրոնացած են վերանորոգելի ուժանիւթի, արհեստա-
գիտութիւններու, նորարար տնտեսութիւններու բնագաւառներու համաշխարհային մեծագոյն ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւն ձեռք բերելու նպատակին վրայ եւ այս շրջանակին մէջ բանակցութիւններ ունեցած է բազմաթիւ «մեծ»-երու պատասխանատուներու հետ, ինչպէս՝ Amazon-ի, Libra Group-ի, ServiceNow-ի…։
Նախագահը մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Անկախութեան օրուան առիթով ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան կազմակերպած ընդունելութեան։ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։