107 տարի առաջ Ա. Աշխարհարմարտը վերջացաւ: Այս տարի եւս կը յիշուին այդ պատերազմի ընթացքին զոհուած, կորսուած զինուորներ կամ պարզ քաղաքացիներ եւ յարգանքի տուրք կը մատուցուի Ֆրանսայի բոլոր քաղաքներուն մէջ: Անոնց անունները փորագրուած են յուշակոթողներու, յուշաքարերու վրայ:
Փարիզի Ս. Յովհաննէս—Մկրտիչ մայր տաճարն ալ ունի նման յուշաքար մը զետեղուած 1921 թուականին եւ նուիրուած Ֆրանսայի համար զոհուած հայ կամաւորներուն: Հոն կը գտնուին 62 անուններ: Կ՚ուզէի անոնցմէ ոմանց մասին հաղորդել տեղեկութիւններ, որոնք ցայսօր չեն արծարծուած կամ՝ միայն մասամբ արծարծուած են:

Ա — Տիգրան Դիմաքսեան – Գնդակահարուածը
1915 Յունիս 20-ին Մառն (51) նահանգի Բրույի (Prouilly) համայնքը գտնուող Ֆրանսական բանակի զինուորները պէտք է ճամբայ ելլեն ճակատ հասնելու համար: 44 լեգէոնականներ՝ ռուս, հայ, իտալացի եւ այլ, իրենց տրուած հրամանին ժխտական պատասխանելով, ըմբոստանալով կը մերժեն զայն կատարել: Ի՞նչ էր իրենց պահանջքը. կ՚ուզէին ֆրանսական գունդին մաս կազմել, որովհետեւ լեգէոնական գունդին մէջ իրենց դէմ կը ցուցադրուէր վերաբերում: Իսկ հայերը ունէին երկրորդ պատճառ մըն ալ. ըստ Ֆրանսայի Ծերակոյտի մէկ որոշումին (ոչ տակաւին օրէնք) ֆրանսական բանակի զինուորները չէին կրնար կռուիլ ընդդէմ այն երկիրներուն, որոնց եւս հպատակութիւնը ունէին: Սա պարագան էր հայ զինուորներուն, որոնք մեծամասնութեամբ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ էին:
Ֆրանսական բանակի հրամանատարութիւնը անմիջապէս կը միջամտէ, քանզի պէտք չէր որ այս շարժումները այլ ճակատներ տարածուէին: Կը ջանան համոզել ըմբոստները եւ կը յաջողին 17 լեգէոնականներու վերադարձը իրենց գունդերը: Իսկ մնացած 27 հոգին, որոնց մէջ 8 հայեր, միշտ կը մերժեն հնազանդիլ:
1915 Յունիս 21-ին Բեւի (Pévy-51) համայնքին մէջ ժողով կը գումարէ Պատերազմի յատուկ խորհուրդը, որ երկու ժամուան նիստով, հապճեպ որոշումով՝ զանոնք,– 9 զինուորներ,– այս ըմբոստութեան առաջնորդ նկատելով, կը դատապարտէ մահապատիժի, իսկ միւսները հարկադիր աշխատանքի: Մահուան դատապարտուածները առանց բացառութեան միշտ եղած էին ճակատը, մա՛նաւանդ 1915 Յունուարին մասնակցած Շըմէն տէ Տամի (02) առաջին բուռն կռիւներուն:
Դատապարտուած հայ զինուորներն էին.
Մահապատիժի՝ Տիգրան Դիմաքսեան – ծն. 1878, Մուշ կամ Վան
Հարկադիր աշխատանքի՝
Հմայեակ Բէմպէճեան – ծն. 1891, Վան – 10 տարի*
Արմենակ Էլմասեան – ծն. 1888, Փլովտիւ – 10 տարի*
Կարապետ Կիւլպէնկեան – ծն. 1884, Կեսարիա – 5 տարի*
Յակոբ Սարայտարեան – ծն. 1887, Կ.Պոլիս – 5 տարի*
Կրեկուար Եաճեան – ծն. 1891, Պրուսա – 10 տարի
Յակոբ Խետիճեան – ծն. 1886, Կ.Պոլիս – 10 տարի
Ժոզէֆ Քոչիկեան – ծն. 1889, Կ.Պոլիս – 10 տարի
Դէպքերուն վկայ զինուոր Վիքթոր Մէրիք, ապագային լրագրող, կը գրէ. «Տիգրան Դիմաքսեանը, արհեստով ճարտարագէտ, չէր հաւատար որ ֆրանսացի սպաները կրնան թոյլատրել նման ոճիր մը»:
Յաջորդ օրը՝ Յունիս 22, ժամը 15-ին, Քիւվիի (Cuvie) անտառի բացաստանը այդ 9 զինուորները (7 ռուս, 1 լեհ, 1 հայ) կը գնդակահարուին, իբր օրինակ, իրենց հրամանատարներուն ներկայութեան: Տ. Դիմաքսեանի վերջին խօսքը կ՚ըլլայ՝ «Non, non ! Vive la France tout de même»: Գնդակահարուածները թաղուած են տեղւոյն վրայ, սակայն ժամանակի ընթացքին անհետացած են անոնց շիրիմները:
Իսկ հարկադիր աշխատանքի դատապարտուած հայ զինուորները, միջոց մը յետոյ ներումի արժանանալով կը վերադառնան բանակ: Անոնցմէ չորսը (նշուած *) կը զոհուին զանազան ճակատներու վրայ:
Բեւիի քաղաքապետի կցորդ Ժան—Հիւկ Լա Փալիսատ Գրեթէն կը հետաքրքրուի այս նիւթով եւ քաղաքապետարանի որոշումով յուշակոթող մը կը զետեղուի գնդակահարուածներու յիշատակին: 2024 Նոյեմբեր 11-ին բացումը կը կատարուի անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ: Քաղաքապետարանի ծրագիրն է նաեւ փոքր թանգարանի վերածել նշեալ վայրը ուր մահուան դատապարտուեցան այդ զինուորները:

Հուսկ, առ ի տեղեկութիւն նշեմ՝ հակառակ անոր որ Տիգրան Դիմաքսեան պաշտօնապէս չի նկատուիր Ֆրանսայի համար զոհուած, սակայն փարիզեան Փեռ Լաշէզ գերեզմանատան ընդհանուր մուտքի յուշակոթողին վրայ կը գտնուի նաեւ իր անունը, հազարաւոր ուրիշներու կողքին:

Բ – Յակոբ Քիրազեան: Ուրիշ անուն, ուրիշ պատմութիւն:
2014 Հոկտեմբեր 16-ի «Նոր Յառաջ»-ի սիւնակներուն մէջ անդրադարձած էի Հայ կամաւորի մը շիրմաքարին կացութեան: Յակոբ Քիրազեան ծնեալ 1886-ին Ռոտոսթօ, 1914-ին կ՚արձանագրուի իբր լեգէոնական, ֆրանսական բանակին մէջ: Կը կռուի զանազան ճակատներու վրայ եւ դժբախտաբար կը զոհուի 1916 Յուլիս 6-ին Պելլուա—ան—Սանթէր (80) համայնքին մէջ: Կը թաղուի Լիհոնի (80) Ազգային գերեզմանատունը: Սակայն անոր մարմինը կ՚ամփոփուի իբր մահմետական, յատուկ շիրմաքարով: Գերեզման այցելութեանս ընթացքին, գերեզմանատան տոմարին մէջ յայտնած էի զարմանքս ու դժգոհութիւնս: Սոյն շիրմաքարի փոփոխութեան համար գերեզմանատան պատասխանատուներուն դիմումէս քանի մը տարի յետոյ Յակոբ Քիրազեան այժմ ունի իր անունը կրող խաչը:


Հայ նահատակներու յիշատակին:
Հրանդ ՆՈՐՇԷՆ ■